Top Banner
=: = = A A 0 0 0 8 = 2 8 6 8 7 4 -
51

Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

Aug 30, 2019

Download

Documents

dariahiddleston
Welcome message from author
This document is posted to help you gain knowledge. Please leave a comment to let me know what you think about it! Share it to your friends and learn new things together.
Transcript
Page 1: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

=:=

=

AA0008=28687

4-

Page 2: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
Page 3: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸԳՐԵՑ

Մ, Յ. ԱՆԱՆիԱյ ԵԱՆ

1918

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԿՈՉՆԱԿ»իՆիՒ ԵՈՐՔ

Page 4: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
Page 5: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

նիի եիրք

Մ. Յ. ԱՆԱՆիԱյ ԵԱՆ

C-----------ԷՊ Ա Տ ԵՐԱԶՄԸ

Page 6: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

DR. K.M. KHANTAMOԱRARMENIAN CC)լLECTլC)N

Page 7: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
Page 8: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

---

ցՈ,յի

ԳՎՈմՈՆ:յժՂՈրՈՉ.յՈ

ՎՂՈՎմՈ

Է*-::-

թ-

----

--

-

--

Page 9: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

« - - -- 1Tյ : A ,

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ

Պ Ա Տ Ե Ր Ա Զ Մ* Ը

ԳՐԵՑ

Մ. Յ. ԱՆԱՆԱԲԱյԱԾԱՆ

ի) ւ * / A ,-

1918

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԿՈՉՆԱԿ»Ի

ՆիՒ ԵՈՐՔ

Page 10: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
Page 11: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ՆԱԽԱԲԱՆ

ԿՈԶՆԱԿի խմբագրութեան առաջարկով՝

ահա իբրեւ գրքոյկ մը լոյս կը տեսնէ «Վարդանանց Պատերազմը» որ ԿՈՉՆԱԿի մէջ հրատարակուեցաւ: Այս առթիւ հեղինակը ըրած էպէտք եղած սրբագրութիւնները եւ կարգ մը յաւելումներ:Մեր ազգային պատմութեան այս կարեւոր

Շրջանը՝ թէպէտ յաճախ պատմուած՝ պէտք ունէր նոր քննութեան մը՝ Գարագաշեանի բացասական եզրակացութիւններէն վերջ:

Մեծանուն հեղինակին իր Քննական Պատմութեան մէջ Վարդանանց մասին գրածը կարդալով՝ նոր քննասէր մը կը զարմանայ թէ ինչպէս գիտնական մը կրնայ զիջանիլ անանկ կըռուազան տափակութիւններու, անանկ փցուն եւ

երկդիմի մանրամասնութիւններու ինչպէս ըրած է Գարագաշեան՝ որուն կանխակալ թէզըկը կայանայ վասակի ազգասէր և հրաՇալի խոհեմութիւնը պաշտպանելու մէջ: Առանց մտածելու որ՝ եթէ վասակի քաղաքականութիւնըայնքան իմաստուն եւ ազգաշէն բան մը ըլլար՝այն ալ կ'ունենար իր ջատագով պատմագրողը՝

Գարագաշեան ցաւ ի սիրտ կը դառնայ անոր կողմը ներկայացնող տոքիւմաններու բացակայութեան վրայ: Արդար վասակի կուսակցու

— 3 —

Page 12: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

թեան կարեւոր եւ գրագէտ եկեղեցականներէ

զուրկ մնացած ըլլալը ինքնին դատապարտութիւն մըն է ծերունի մարզպանին նկարագրինեւ իմաստութեան համար:Վարդանանց պատերազմին մասին ունինք

երկու կարեւոր աղբիւրներ, Եղիշէ եւ ՂազարՓարպեցին: Ասոնցմէ առաջինն է որուն վրայհիմնուած են վարդանանց պատերազմին մասին գրուած գրեթէ բոլոր գլուխները առանցբացառելու Զագմագճեանի շահեկան նոր փորձը (Հայոց Պատմութիւն) : Երկու հեղինակներուն միջեւ ժամանակի տարբերութիւնը քիչ էեւ երկուքն ալ վստահելի եւ անկախ աղբիւրներէ քաղած են իրենց տուիքը: Եղիշէ աւելի գունագեղ մանրամասնութիւններ ունի, բայց իրպատմուածքը քիչ մը թոյլ է, մինչ Փարպեցինինչպէս արդէն նկատած է Գարագաշեան՝ կըփայլի դէպքերու կուռ եւ լուսաւոր կապակցութեամբ : Եւ որովհետեւ երկուքն ալ էական կէտերու վրայ միշտ համաձայն են եւ մանրամասնութեան մէջ յաճախ զիրար կ'ամբողջացնեն՝ արդի պատմագրին կը մնար շարել Եղիշէին հայթայթած նիւթը Ղազարի տուած ամուր թելինվրայ:Մեր Ամերիկահայ եղբայրներուն կը մա

տուցանենք մեր անցեալին այս դրուագը իբրեւսփոփանք եւ իբրեւ հրահանգ մը այս նորճգնաժամին մէջ՝ երբ հին աղէտին արիւնոտդաշտերուն վրայ կը շարժի սպառնագին ըստուերը նոր վտանգներու: Եթէ վարդանանց շար

— 4 —

Page 13: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ժումը մեր ժամանակներուն համար վաւերական դաս մը ունի կրնանք թերեւս անոր տալ

սա հակիրճ արտայայտութիւնը: 0տար լուծիմը տակ չարչարուող տկար, անօգնական ցեղիմը համար հաւանօրէն անխոհեմութիւն է ամէն բան վտանգել քաղաքական յախուռն եւ անխոստմնալից բաղդախաղի մը մէջ: Ազատութիւնը շատ թանկագին է, բայց իր օրուան սպասողառողջ ցեղի մը համար՝ գոյութիւնը աւելի թանկագին է: Ամէն պարագայի մէջ՝ ասանկ կէտիմը վրայ՝ որոշումը կը պատկանի մեծամասնութեան:Սակայն երբ ազգ մը ինքզինքը բարոյապէս

կամ ֆիզիքապէս կը գտնէ անտարակուսելի,

անողոք, անդառնալի մահավճիռի մը առջեւ՝մանաւանդ երբ այդ վճիռը արդէն կը գործադրուի ճիւաղային շնականութեամբ մը՝ այն ատեն անոր ճամբան որոշ է: Անիկա խոհեմ, միաբան, զոհաբեր ինքնապաշտպանութեան1 ճիգով մը միայն կը փրկէ կամ կուտայ ինչ որ բըռ

նութեամբ , անիրաւաբար կը պահանջուի իրմէն:

Page 14: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
Page 15: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑՊ Ա Տ Ե Ր Ա Զ Մ" Ը

Ա. ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Վարդանանց ճգնաժամը պատահեցաւ Պարսից Յազկերտ Բ-ի օրով (որ թագաւորեց 439456) : Իր թագաւորութեան սկիզբէն պատերազմ յայտարարեց Յունաց վրայ որոնք, նցենյա

կայն, անկարող անոր հետ չափուելու՝ խաղաղութիւն կնքեցին՝ տարեկան հարկ մը վճարելով եւ իրենց կողմը ապաստանած պարսկահըպատակ Քրիստոնեաները կրկին հեթանոսներուն ձեռքը յանձնելով (444): Հայերը բան մըչէին կրնար ակնկալել Պոլիսէն, ուր ԹէոդոսԲ.ի պէս ապիկար իշխան մը կը կրէր կայսերական թագը եւ ուր իսկական իշխանութիւնըկը գտնուէր կնոջ* մը ձեռքը՝ մանաւանդ ա

նային:Սասանեան Շահերը քրիստոնէութեան եւ

հրէութեան հանդէպ՝ երբեմն ներողամիտ կեց

Պուլքերիա (408-457): Այս տարիներունմէջ կ'իյնայ Հայկական գրականութեան սկիզբները եւ Վարդանանց ապստամբութիւնը:

— 7 —

Page 16: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ուածք մը բռնած էին՝ բայց աւելի յաճախ կըհարստահարէին եւ կը հալածէին զայն թէ կըրօնական եւ թէ պետական տեսակէտէ: Քրիստոնէութիւնը՝ մանաւանդ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ հաղորդակցող Քրիստոնէութիւնը իրենց ատելի էր՝ քանի որ անիկա կապ մըն էրիրենց արեւմտեան հպատակներուն եւ Յունացմիջեւ եւ արգելք մը՝ պետութեան տարրերը իրարու հետ լուծելու:Յազկերտ Բ-ի թագաւորութեան երկու ա

չառու գործերն են՝ հալածանքը Քրիստոնեաներուն եւ Հրէից դէմ եւ անվերջ պատերազմները Պարսկաստանի արեւելեան սահմաններունվրայ բնակող ճերմակ Հոներուն եւ Եփթաղա

թեամբ պսակուեցան երկուքին մէջ ալ եւ թերեւս կրնանք ըսել որ գոնէ այս անգամ բարբարոս Թուրքերը անգիտակցօրէն օգնեցին Քըրիստոնեաներուն՝ Յազկերտի աղետալի ծրագըրին գործադրութիւնը դժուարացնելով:Վարդանանց պատերազմին եւ անկէ վերջ

Հայաստանի մէջ շարունակուող կրքոտ, արցունքոտ, արիւնոտ վրդովումներուն բուն նշանակութիւնը հասկնալու համար անհրաժեշտ էաչքի առջեւ ունենալ Սաաանեան տէրութեանքաջածանօթ կրօնա-քաղաքական ձգտումները:

Անոնց արքունիքին վրայ մոգերը կը բանեցընէին տիրապետող ազդեցութիւն մը որ շատ անգամ ինքզինքը հրով եւ սրով կ'արտայայտէրընդդէմ այլակրօն հպատակներուն:

— 8 —

Page 17: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

Տիզբոնի մէջ դարբնուող եւ միշտ պատեհառիթի սպասող փրոփականտի այս յամառ քաղաքականութիւնը ճշմարիտ փորձաքարն էՎարդանի եւ Վասակի նկարագրին ու ընթացքին:

Բ. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ՈՒՐԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հիմա՝ մեր երկու իրազեկ աղբիւրներունհետեւելով՝ ուրուագծենք Ե -րդ դարու մեր

ջին փուլը: Ըստ Եղիշէի՝ հալածանքը Հայաստանի մէջ սկսաւ՝ իբրեւ ընդհանուր հալածանքի մը մէկ մասը եւ Դենշապուհի գալուստով:Շահին այս վերակացուն աշխարհագրութիւնընելու պատրուակով՝ եկեղեցիները, եկեղեցականները եւ մինչեւ իսկ վանականները տուրքիտակ դրաւ, հասարակ ժողովուրդին հարկերըծանրացուց, նախարարները իրար ձգեց եւ Հայոց հազարապետը (Վահան Ամատունի՞) ամբաստանութեամբ մը պաշտօնանկ ընելով՝ AAմա

նոր տեղ Պարսիկ մը կարգեց: Աննախընթաց

կեղեցականները՝ զանոնք վհատեցնելու եւվարկաբեկելու համար կը գործադրուէր եւ

գուշակել կուտար գալիք փոթորիկը :

Ղազար Փարպեցին դէպքերու երկար շըղթային իբրեւ սկզբնական օղակը կը յիշէ Սիւնեաց տան մէջ ծագած գժտութիւն մը: Նոյնտոհմին մէկ շառաւիղը Վարազվաղան՝ դըժբաղդ ամուսնութիւն մը կատարած էր Սիւն

— 9 —

Page 18: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

եաց տանուտէր՝ Վասակ իշխանի աղջկան հետ :

Աներէն հալածուած և վտարուած փեսան՝ Պարսից սպարապետ Միհրներսեհի քով ապաստա

նեցաւ եւ վրէժխնդրութեան սիրոյն համար հա

Պարսից ծերունի սպարապետը Միհրներսեհ որ Շահին մօտաւորագոյն խորհրդականն

եւ յունատեաց մը՝ ասիկա լաւագոյն առիթըկը նկատէր մտադրուած ձեռնարկը շարժմանմէջ դնելու: Հայաստան, Վրաստան եւ Աղուանաց երկիրը՝ Պարսից լուծին տակ գտնուելով հանդերձ՝ իբրեւ քրիստոնեայ սիրալիր յարաբերութիւններ կը մշակէին Պարսից ոխերիմթշնամիներուն հետ : Այս ազգերուն միահաղոյն կրօնափոխութիւնը պիտի տար առատ հոգեւոր հունձք մը զրադաշտի Արքայութեան համար եւ պիտի զօրացնէր Պարսկական տէրութիւնը : Եւ որովհետեւ անոնց կարեւորագոյնըՀայաստան էր եւ Հայաստանի կարեւորագոյնտարրն ալ իշխանական գերդաստաններ էին՝ուստի պէտք էր ասոնցմէ սկսիլ : Հայ նախարարներուն նախանձին ու փառասիրութեան իբրեւ գրգիռ՝ պէտք էր անմիջապէս փառքերովեւ պատիւներով ողողել ուրացող Վարազվաղանը :

Յազկերտ յօժարակամ անսաց Միհրներսեհի սադրանքներուն եւ Մազդեզական վարդապետութեան վրայ գրութիւն մը խմբագրելտալով՝ հրովարտակի մը Հետ ղրկեց Հայաս

— 10 —

Page 19: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

տան : Երկրին պետերը պաշտօնապէս կը հրաւիրուէին պաշտելու Արեւը, Լուսինը եւ Կըրակը :

Մեր պատմութեան մէջ՝ նշաններ կան ՄՍա

րոնցմէ կրնանք հետեւցնել թէ Պարսիկները՝թէ Գ. եւ թէ Դ . դարուն մէջ՝ իրենց Հայաստան ըրած արշաւանքներուն՝ կրօնական պատերազմի եւ հաւատատարածութեան հանգամանք մը տուած էին: Բայց Հայաստանի՝ պաշտօնապէս Արեւելեան տէրութեան կցուելէն մՄԱՄ

տի՝ ասիկա առաջին յարձակումն էր որ կ'ըլլար Հայոց կրօնքին վրայ * :Յուզումը մեծ- էր եկեղեցական եւ նախարա

րական շարքերուն մէջ 3 Առաջնորդները որ քաջգիտէին թէ ազնուականութեան եւ թէ ժողովուրդին մտքի վիճակը՝ լրջօրէն կը վախնային թէ մի գուցէ Պարսից դենը շուտով արմատ ձգէր թերահաւատ եւ փառամոլ սրտերումէջ:Տանուտէրներ եւ իշխանազուններ, որոնց

մէջ էր Հայոց մարզպան Վասակ Սիւնի եւ իր

* Ոչ Եղիշէ եւ ոչ ալ Ղազար Փարպեցինմեզի կուտան հարազատ գրութիւնը եւ անորՀայոց կողմէ տրուած պատասխանը: Բայց այսպաշտօնաթուղթերու ընդհանուր պարունաթեանց մասին՝ երկու հեղինակներու վկայութիւնը նոյն է եւ վստահելի։ Սա ալ դիտելի էոր Եղիշէի հրովարտակը Միհրներսեհէն է՝ իսկՂազարինը՝ թագաւորէն:

— 11 —

Page 20: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

վերջի կուսակիցներէն մէկ երկուքը՝ ականաւոր եպիսկոպոսներու, երէցներու եւ վանականներու հետ միասին երբեմնի արքայանիստ

Արտաշատին մէջ ժողով գումարելով՝ պատասխանեցին Պարսից արքունեաց թէ կրօնականճշմարտութիւնը իրենց կողմն է՝ իսկ զրադաշտական կրօնքը սոսկ ծիծաղաշարժ բարբաջմունքէ կը բաղկանայ: Իրենց օրէնքով, կ'ըաէին, պարտաւոր էին հնազանդիլ իրենց երկրաւոր տէրերուն՝ որպէս Աստուծոյ : Ինչպէս

անցելոյն մէջ՝ հիմա ալ պատրաստ էին սիրայօժար վճարել պահանջուած հարկերը՝ մինչեւիրենց վերջին լուման եւ թափել իրենց արիւնը մինչեւ վերջին կաթիլը՝ բայց իրենց կը վերապահէին իրենց հոգւոյն փրկութեան խնդիրը* :

Նամակին համարձակ եւ քչիկ մըն ալ անխոհեմ ոճը՝ որ թերեւս խնդրոյն կտրուկ վախճան մը տալու դիտումով գործածուած էր՝

* Եղիշէի այս նամակին իբրեւ պատճէնտուած գրութիւնը պերճախoս աստուածաբա

նութեան սքանչելիք մըն է եւ ուշագրաւ արտայայտութեանց գանձարան մը 0րինակ՝ սա

իմաստասիրական խօսքը որուն հիմերը դըժուար պիտի ըլլայ գտնել հին Հայրապետացգործերուն մէջ. «Քանզի յորժամ լսես թէ յոչընչէ արար Աստուած զամենայն աշխարհս՝բանիւ ծնունդ իմասջիր զարարածս եւն. եւն. :

— 12 —

Page 21: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

Միհրներսեհի մեւ իրեն կուսակից մոգպետին առիթ տուին թագաւորին զայրոյթը հովահրելու Հայոց դէմ: Եթէ Հայերը Յոյներէն օգնութեան յոյս չունենային՝ ինչպէ՞ս պիտի ժըտէին ասանկ լեզու գործածել:

Եւ հոս կը սկսի հակայ եղերերգութեան առաջին արարուածը: Թագաւորը , խիստ նամակով մը Հայոց կարեւորագոյն իշխաններն ու

ռը կանչեց եւ յամեցողներուն մահուան պատիժսպառնաց 3 Յականէ յանուանէ յիշուածներն

էին Հայոց մարզպանը՝ Վասակ Սիւնի, Ներշապուհ Արծրունի, Արտակ Ռշտունի, ԳադիՀոյ Խորխոռունի, Հայոց սպարապետը՝ Վարդան Մամիկոնեան, Մոկաց Արտակ իշխանը,

Մանէճ Ապահունի, Վահան Ամատունի, ԳիւտՎահեւունի, եւ Շմաւոն Անձեւացին, ամենքնալ տանուտէրեր:

Ահն ու սարսափը ինկաւ բոլոր արտերունմէջ: Չերթալ՝ ապստամբութիւն պիտի նշանակէր, բայց գնացողը ետ պիտի գա՞ր եւ ի՞նչվիճակի մէջ: Այս ճակատագրական հրաւէրըընդունողներէն անոնք որ կրնային՝ մէկտեղհաւաքուեցան եւ որոշեցին երթալ՝ բայց Աւետարանին վրամ երդումով ուխտ ըրին որ՝ ինչոր ալ պատահի՝ պիտի չուրանան իրենց հաւատքը : Այս առթիւ տեսակ մը դիմադրականդաշնակցութիւն կազմուեցաւ Հայոց, Վրաց եւ

Աղուանից միջեւ:

— 13 —

Page 22: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

Ճանապարհորդները Տիզբոն Հաաան Աւագ

Շաբաթ օրը: Թագաւորին կողմէ դիմաւորողներ ղրկելու սովորական քաղաքավարութիւնն

իսկ այս անգամ զլացուած էր՝ բայց հրապարակին վրայ անոնք երեւցան զուարթ դէմքովորպէս թէ անձկութեան ոեւէ պատճառ չի կար:Յաջորդ օրը ներկայացան Յազկերտի որ բարկաճայթ բառերով ընդունեց զիրենք:

«Դուք զիս ի՞նչ բանի տեղ դրած էք եւի՞նչ համարում ունիք ձեր անձերուն վրայ»գոռաց նա:

Նախարարները պատասխանեցին՝ «Մենքձեզ թագաւոր կը ճանչնանք, Աստուծոյ պէս՝դուք ալ իշխանութիւն ունիք ապրեցնելու եւմեռցնելու մեզ եւ բոլոր անոնք որ ձեր տէրութեան մէջ կը գտնուին:»

«Այս խօսքերուն եւ ձեր նամակին մէջ Հակասութիւն կայ», յարեց Յազկերտ, «Քանի որձեր հնազանդութեան մէջ վերապահում մլա կ'ընէք: Բայց այդ վերապահուածը՝ մեզի համարկարեւորագոյն խնդիրն է: Մենք ձեր անցեալծառայութիւններէն գոհ ենք: Բայց մեր կամքնէ որ դուք դառնաք նաեւ ձեր կորստեան ճամբէն: Ուստի, եթէ յամառիք ձեր մոլար օրէնքին մէջ, դուք, Հայեր, Վրացիներ եւ Աղուաններ, ձեր հին հաւատարմութիւնը ՔԱ ՄԱ ՄՄա

չինչ պիտի գրենք եւ ձեզ բնաջինջ պիտի ընենքձեր ընտանիքներով միասին»:

— 14 —

Page 23: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

Ասոր վրայ Վարդան Մամիկոնեան խօսքառնելով պատասխանեց թէ՝ ինք միշտ անթերիեղած էր թագաւորին հանդէպ իր հպատակիպարտականութեանց մէջ եւ եթէ կրնար՝ պատ

է *

** Վարդան Մամիկկոնեան իր մօր կողմէնՍահակ Կաթողիկոսի թոռն էր, եւ հաւանօրէնաւելի կրթուած քան միւս նախարարները՝ շընորհիւ իր մեծ հօր խնամուց:

Մամիկոնեանց տոհմային աւանդութիւնըկ'ըսէր թէ իրենց նախահայրքճենաց երկրէն եկած էին եւ հոն արքունական ընտանիքին կըպատկանէին: Այս ընտանեկան կապակցութեանիբրեւ ապացոյց կը յիշուի նաեւ սա պարագանթէ Մամիկոնեանք Զինացիներու նման՝ ցցունք(փէրչէմ) կը կրէին: Թէպէտ ցցունք կրելուսովորոյթը միայն չինաստանի յատուկ չէր այլյաւէտ մոնկոլեան յատկանիշ մըն էր, եւ մինչեւ անգամ ծանօթ Քետացիներուն՝ դժուար էհերքել Մամիկոնեանց Զինական ծագումը:

Բայց եւ այնպէս անոնց Չինաստանէն մեկնումը՝ եթէ իրողութիւն ալ համարուի՝ շատ աւելի հին դէպք մը ըլլալու է քան անոնց Հայաստանի մէջ երեւումը: Այս վերջին դէպքը կապունէր Պարթեւաց անկումին եւ սասանեան պետութեան սկիզբին հետ՝ Դ. դարուն առաջինկիսուն մէջ։ Մասնաւորապէս ուշագրաւ է իրենց անհաշտ ատելութիւնը Պարսից դէմ, իրենց հաւատարմութիւնը Արշակունեանց ցեղին

— 15 —

Page 24: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

յօժարութեամբ ծառայելու ու զոհուելու: Բայցիրեն համար անկարելի էր վաճառել Աստուծմէ

ընդունուած կրօնք մը՝ մարդկային երկիւղի եւսնոտի փառաց փոխարէն: Ուստի աւելի պիտիընտրէր մեռնիլ՝ քան ապրիլ ուրացութեամբ* t

Միւս իշխանները նկատելով Յազկերտի ըզգացումներուն փոթորկայոյզ վիճակը՝ քանի մըօր պայմանաժամ խնդրեցին հայրենի հին աւանդութիւն մը քակտելու եւ նոր օրէնք մ'ընդ

համար: Պայմանաժամլ շնորհուեցաւ 3 Իրենցխորհրդակցութեանց մէջ կար արքունական մը

եւ իրենց սերտ բարեկամութիւնը Լուսաւորչի(Պարթեւ) ընտանիքին հետ:Բանասիրական տեսակէտէ անկարելի է չի

տեսնել որոշ առնչութիւն մը ՄԱՄԻԿՈՆ անուան եւ Եսթերի գրքին մէջ (Ա. 14, 16, 21) յիշուած ՄԵՄՈՒԿԱՆի հետ՝ որ Աքիմենեան գահուն առջեւ կանգնող եoթը նախարարներէն մէկըն էր: Եթէ այսպէս է՝ Մամիկոնեանց ետինտոհմային մեծութեան եւ կարեւորութեան տէրորքա՞ն սերունդներ կարելի է նշմարել: Արդարեւ իրենց ծայրագոյն արեւելքէն արտագաղթըտեղի ունեցած ըլլալու է Աքիմենեան հարստութեան առաջին շրջանին մէջ:* Այս հարցաքննութիւնը շարագրուած է

Փարպեցւոյ հետեւողութեամբ : Եղիշէինը տարբեր եւ աւելի երկար է՝ բայց առանց իմաստիկարեւոր տարբերութեան:

— 16 —

Page 25: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

որ գաղտնապէս քրիստոնէութեան յարած էր եւ

որ հասկնալով թէ թագաւորը մտադիր է իրահռելի սպառնալիքը գործադրելու՝ անոնց մէկքանիին թելադրեց որ նախարարները առ երեսո

ընտանիքները թագաւորին վայրագ կատաղու

թեան ձեռքը անպաշտպան չի թողուն: Երբանգամ մը հայրենիք իյնային Հոն պիտի որոշէին թէ իբրև քրիստոնեայ կրնա՞ն ապրիլ՝ թէխղճի ազատութեան համար՝ տնով տեղով դէպ

արեւմուտք պէտք է գաղթեն :

Մեծ վարանումով հաղորդեցին այս ծրագիրը Վարդանի որ առջի բերան խստօրէն բոզոքեց անոր դէմ՝ բայց վերջապէս գտան զանիկա ալ համոզելու միջոցը:

Նախարարները իրենց սիրելիներուն ի նըպաստ առժամանակեայ ուրացութիւն մը իբրեւփոքրագոյն չարիքը ընդունելով՝ միաբերանԱւետարանին վրայ ուխտեցին որ երբ հայրենիք դառնան՝ կամ պիտի կռուին եկեղեցւոյ եւ

հայրենիքին պաշտպանութեան համար եւ կամտարագրութեան ճամբան պիտի բռնեն: Եւհոս է որ անոնք իրենց վաղեմի անխոհեմութեամբ ցանեցին հողմ մը որուն հունձքը պիտիըլլար աներեւակայելիօրէն վայրագ մրրիկ մը:

Հաւանօրէն առաւօտեան պահուն՝ բոլորըմիասին գնացին կրակատան պարզունակ պաշտամունքին ներկայ գտնուելու՝ մեծաւ մասամբ

առ երեսս, բայց ոմանց քրիստոնէական հա

/

Հ

— 17 —

Page 26: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ւատքը արդէն սկսած էր տկարանալ: Յազկերտ որ՝ նորէն արեւելքէն Քուշանական յարձակումի մը գոյժը առած էր եւ կ'աճապարէրդէպի սահմանագլուխ խիզախելու՝ ուրախութեամբ ընդունեց այս զիջումը : Իր գոհունակութեան իբրև արտայայտութիւն՝ երեք երկիրներուն երէց իշխաններուն թագաւորական ըզգեստ հագցուց եւ ամենուն սիրտը շինել փորձեց պատիւներու եւ խոշոր պարգեւներու տեղատարափով մը: Հայաստանի գիւղերէն եւաւաններէն շատերը որոնց տուրքերը ուղղակիարքունիք կ'երթային աւելցան նախարարականկալուածքներուն: Եւ թագաւորը ապահովութեան համար Վրաց Բդեշխը եւ Վասակի երկուորդիքը (Բաբիկ եւ Ադրներսեհ) իբրեւ պատանդ վար դնելով՝ մնացածը Հայաստան ճամ

բեց 700 միսիոնար մոգերու ընկերակցութեամբ:

Ըստ Եղիշէի՝ առաջին կշտամբանքը, որ

ուրացողներուն վիճակեցաւ, կուգար Պարսիցբանակին Քրիստոնեայ զինուորներէն որոնքահեղ հալածանքներու ներքեւ կը կատարէինիրենց ծառայութիւնը 3 Անոնց քահանաները Միա

ղէտին լուրը շուտով Հայաստան հասցուցին :

Գ. ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Ուղեւորները չորրորդ ամսուն ՀայաստանՀասան : Եկեղեցականներու առաջնորդութեամթմեծ եւ տխուր բազմութիւն մը զիրենք դիմա

— 18 —

Page 27: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ւորեց Արարատեան գաւառին Անգղ* գիւղը՝զինուած խաչերով եւ աւետարաններով, աուրերովեւ վահաններով 3 Հաւանօրէն ճշմարիտ է Եղիշէի պատմածը թէ հոս՝ մոգերը Կիրակի օրմը եկեղեցին կրակատան վերածելու փորձ մըըրին զոր Ղեւոնդ երէցի հետեւորդները քարերով եւ բիրերով ի դերեւ հանեցին 3 Ասանկ

Երբ նախարարք ցրուեցան իրենց տուները՝ Վա

բաժնուեցան երեք երկիրներուն եւ անոնց մէջիշխող կարեւոր գերդաստաններուն միջեւ : Ու

ակաան անշշուկ կերպով քարոզել իրենց աղանդը եւ տեղ տեղ ատրուշաններ կանգնել ։ Անոնք որ կրակապաշտութեան կատակերգութիւնը Տիզբոն սկսեր էին ստիպուեցան զայնշարունակել Հայաստանի մէջ ի մեծ գայթակղութիւն իրենց կիներուն, զաւակներուն, ծառաներուն եւ ընդհանուր ժողովուրդին որոնք

կը մերժէին մոգերուն վարդապետութիւնը լսելեւ նախարարներուն կեանքը կը դառնացնէինարցունքով, ցրտութեամբ եւ թշնամանքներով 3

Վարդան արդէն եկեղեցականներուն յայտներէր պատահածը և իր ընտանիքին մէջ ստութեանդիմակը վար առեր էր : Ուստի նախարար

* Գարագաշեան իրաւամբ կը կասկածի այստեղին մասին: Փարպեցին ոեւէ տեղ չի յիշեր(ԻԸ, ԻԹ):

— 19 —

Page 28: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ներուն խոստմնազանց վարանումը տեսնելով՝

իրեններուն հետ միասին ճամբայ ելաւ դէպիՅունաց բաժինը որ շատ հեռի չէր Տարօնէն:Չէ՞ որ Տիզբոնի մէջ ԱԱյսպէս ընել որոշուածէր :

Սպարապետին մեկնումին բօթը շուտով հաԱ ԱԱՄ- Վասակի եւ ուրիշ իշխաններուն՝ որոնք ա

անհրաժեշտ կը համարէին եւ Ղեւոնդ երէցիպէս կարեւոր եկեղեցականներ եւ քանի մը իշխաններ ղրկեցին՝ զանիկա ետ դարձնելու հա

ԱTԱն Ա-Բագրեւանդի նահանգին մէջ՝ եւ ցոյց տալով Վասակի եւ միւս իշխաններուն միաբանութեան մէկ նոր ուխտը՝ զայն Համոզեց ետ կե

Դ. ԱՊՍՏԱՄԲԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Ասկէ վերջ՝ նախարարները եւ Վարդանժամանակ մըն ալ կրակապաշտութեան երեւոյթը պահեցին եւ Տիզբոնի մէջ մնացող Վրացբդեշխին եւ Վասակի որդիքը խնայելու համար

գէին: Ժողովուրդը իրողութենէն լուր չունէր. եկեղեցիներու վրաJ յարձակումներ կ'ըլլային եւ ատրուշանները կը բազմանային:

ւուրց ոխ մը ունէր՝ ամէն ճիգ կը թափէր որ- 20 -

Page 29: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ապստամբութիւնը շուտ պայթի եւ մարզպանընեղ կացութեան մէջ իյնայ :

Վարդան՝ առանց այս բաներուն կարեւորութիւն տալու սպասեց մինչեւ յաջորդ ամառը

տարաւ Ծաղկուտ գաւառը՝ Անգղ բերդին մօտ :

Հիմա այլեւս ապստամբութեան լուրը կը տարածուէր արագօրէն եւ մոգերը՝ որ շատ տեղեր ուտելու հաց ալ դժուար կը գտնէին անցուդարձերը կը տեղեկագրէին Տիզբոն:

Իսկ Վասակ ի՞նչ կ'ընէր այս ատեն:

Եթէ Եղիշէ՝ մարզպանին ուրացումին իրականութիւնը, չարաշուք գործունէութիւնները եւ մատնչական սադրանքները կը չա

որ ամեն տարակոյսէ վեր է: Անիկա հիմա՝հակառակ իր նախկին խոստումներուն եւ հանդիսաւոր երդումներուն՝ հակառակ Վարդանը՝իր կամաւոր աքսորէն ետ կանչելուն՝ հեռու կըկենար ուխտուած միաբանութենէն, երկդիմիկեցուածք մը ունէր, մոգերուն հաւատատարածական աշխատութիւններուն ոչ միայն արգելք

չէր հանդիսանար այլ կարծես կ'ընծայէր պահանջուած օժանդակութիւնը եւ իր շուրջը կըկազմէր կասկածելի խմբակցութիւն մը: Յայտնապէս հակառակ էր ապստամբութեան, կը յարատեւէր ուրացեալի դերին մէջ եւ իր առաջնորդութեամբ ստեղծուած անել եւ վտանգաւորկացութիւնը ընդ ունելով կը մշտնջենաւորէր : Իր

— 21 —

Page 30: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ընթացքին մէջ զգուշաւորութենէ աւելի բաներկ'ընդնշմարուէին:Դէպքերը այս կէտին հասած էին երբ Վար

դան՝ Վասակէն զատ՝ բոլոր կարեւոր իշխանները եւ եկեղեցականները հաւաքելով՝ յայ

հնչած է: Զանդաղան անուն գծուծ ազնուականմը այդ ժողովին լուրը հաղորդեց Վասակի և իրմատնութեան իբրեւ արդար վարձատրութիւն՝

Բագրեւանդի Բերդկունք գիւղին մէջ քարկոծ

Հիմա ապստամբութեան կուտակիցները ի Խա

րոշեցին զինու զօրութեամբ բռնադատել Վասա

կը որ թողու իր անհատական եւ երկդիմի քաղաքականութիւնը եւ իրենց միանայ : Այս առթիւ կատարուեցաւ քաջածանօթ երդումը երբ

րուն Հետ միասին Աւետարանին վրայ միաբանութիւն ուխտեցին եւ իշխանները գիրքը իրենցմատանիներով կնքեցին:Ապստամբութեան առաջին գործն եղաւ՝

Զարեհաւանի մէջ հաստատուած ատրուշանի մընուիրական կրակը ջուրը թափել (ինչ որ Պարսից համար գրեթէ աններելի սրբապղծութիւնմըն էր) եւ մոգերը կապանքի տակ դնել : Միւսառտուն՝ արեւածագին այսինքն արեւապաշտներու համար ամենէն նուիրական ժամուն՝ ասոնցմէ մաս մը արակոտոր ըրին:Բանակը ասանկ գործերով չի գոհացաւ ամլ

նաեւ աճապարեց գրաւելու այն բոլոր կարե

— 22 —

Page 31: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ւոր բերդերը որոնք Պարսից ձեռքն էին: Այսպէս համատարած եւ հիմնական յեղափոխու

թիւն մըն էր որ կը ծնէր կրօնական ճնշումէ

մը:

Զ. ԱՂՈՒԱՆԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Երբ ամառուան տօթակէզ օրերը անցան՝

Հայոց բանակը Արարատեան գաւառը իջաւ՝ ՄA

րովհետեւ Աղուանաց եպիսկոպոսը եւ հազարա

պետը եկած էին լուր տալ թէ Հոնաց կողմէ

մարզպան Նիխորական Սեբուխտի Հրամանատարութեամբ՝ արքունիքէն եկող նոր ձիաւորներու ու 300 մոգերու հետ միացած՝ երկիրը

նէր եւ Վռամական կրակը հաստատելով կ'բըռնադատէր մարդիկը զայն պաշտելու: Չի հնա

զանդողները մահուան կը դատապարտուէին եւ

դէպի Տիզբոն: Ամէն պարագայի մէջ՝ Աղուանները տագնապի մէջ էին եւ իրենց սահմաններէն վտանգ կը սպառնար Հայոց : Վասակ կըստիպէր Վարդանը որ օգնութեան հասնի Հայոց այս դաշնակիցներուն եւ նոյն ատեն Վարդանի թելադրութեամբ՝ իր եւ Հայոց բոլորաւագանիին կողմէն կնքուած նամակներ կը ղըրկէր Յունաց կայսեր, Անտիոքի սպարապետինեւ արեւմտեան Հայաստանի իշխաններուն: Պոլիս գնացող դեսպանութիւնը կազմուած էր սա

— 23 —

Page 32: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

երեք անձերէն՝ Վահան Ամատունի, Հմայեակ

Մամիկոնեան եւ Մերուժան Արծրունի * :

Յոյները ոչ միայն կարեւորութիւն չընծայեցին Հայոց օգնութեան աղաղակին այլ եւ նորապսակ Մարկիանոս կայսեր խորհրդականներէն Եփլալիոս Ասորին Յազկերտը վստահացուց թէ կայսրը միտք չունի Հայաստանի գործերուն միջամտելու:

Դեսպանութիւնը չի վերադարձած՝ անշուշտ Վասակի ստիպանքով՝ Հայոց բանակըբաժնուեցաւ երեք մասի, որոնց մին՝ որ հաւատարիմ զօրքերէ կը բաղկանար յանձնուեցաւՎարդանի Աղուանական արշաւանքին ՀամարԵրկրորդը՝ Ներշապուհ Ռմբոսեանի Հրամանատարութեամբ կ'երթար Հեր եւ ԶարեւանդԱտրպատականի սահմանին հսկելու . իսկ երրորդը ուր հաւաքուած էին Վասակի համակիրները**՝ կը մնար անվստահելի մարզպանին

* Եղիշէ կը յիշէ միայն Ատովմ Գնունի մը:

** Ասոնք էին՝ Տիրոց Բագրատունի, Գադիշոյ Խոռխոռունի, Մանէճ Ապահունի, ԳիւտՎահեւունի(?) , Վարազշապուհ Պալունի, Արտէն՝ իշխան Աբեղինից եւ Ներսէհ իշխանն Ուրծոյ եւ ուրիշներ։ Նկատելի է որ կուսակցականբաժանումը տեղի ունեցաւ ոչ թէ ընտանեկանգծերու վրայ՝ այլ անձնական ընտրութեամբ :նոյն տոհմէն մարդիկ կը գտնուէին երկու կողմըն ալ:

— 24 -

Page 33: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ձեռքը: Այս բանակին հետ Վասակ դարանամուտ կ'ըլլար իր երկրին բերդերուն մէջ՝ պատրուակելով թէ անկէ Պարսիկները յանկարծակիի պիտի բերէ:Հոս մեր երկու պատմագիրերն ալ այնպէս

սից կողմն անցած էր՝ ճշմարիտ ուրացող մընէր, տրամադիր էր դրժելու իր բոլոր ուխտերնու երդումները եւ կը պատրաստուէր իր և երկրին ճակատագիրը իր ձեռքն առնելու՝ ընդդէմմիաբանութեան եւ ապստամբութեան կուսակիցներուն : Արդարեւ անիկա սկսած էր Հայաստան պատահածները եւ իր պարսկանպաստգործերը տեղեկագրել Միհրներսեհի, Դենշապուհի (Վեհշապուհի՝ ըստ Փարպեցւոյ) եւ ուրիշներուն՝ մինչ Աղուանաց երկիրը վրդովող

Նիխորական Սեբուխտին կ'իմացնէր Վարդանիգալուստը եւ զօրաց փոքրիկ թիւը:Հազիւ թէ Վարդան Աղուանաց երկիրը հասածէր՝ երբ Պարսիկք Կուր գետը անցնելով եկան իրբանակին ընդ առաջ մինչեւ Խաղխաղ գեղը (որԱղուանից թագաւորին ձմերոցն էր) 2 Վարդանիր բանակը երեքի բաժնելով՝ Կեդրոնը բռնեցեւ յարձակեցաւ իրենինէն աւելի մեծ ուժերուվրայ՝ որոնք թերեւս ժամանակ չէին ունեցածինքզինքնին կարգաւորելու եւ որոնց կռնակըկուգար գետին: Այս ընդհարումին մէջ Գազրիկ վիրաւորեցաւ, Մուշ Դիմաքսեան ճախճախուտ տեղ մը խրելով խեղդամահ եղաւ, բայցՀայոց բանակին աջ թեւին զօրապետը՝ Արշա

— 25 —

Page 34: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ւիր Կամսարական որ նոյն տիղմին մէջ ինկածէր՝ ձիէն վար ցատկեց եւ զայն դուրս քաշելով՝տղմաթաթաւ, մէկ կօշիկով նորէն նետուեցաւկռիւին մէջ և սպաննեց Վուրկը՝ Լփնաց թագաւորին եղբայրը: Վերջապէս Պարսիկները յաղթուեցան եւ ի փախուստ մատնուեցան ահագին կորուստ տալով: Հայոց սուրէն ազատող

ները՝ Կուր գետին ալիքներուն մէջ կը գտնէինիրենց մահը եւ կամ կ'երթային թաղուիլ ճախճախուտ անտառներուն մէջ:

Այս պարտութեան վրայ Պարսից բուն բանակը չի համարձակեցաւ ինքզինքը ցուցնել:

Վարդանի զօրքերը՝ թշնամւոյն բանակա

Կուր գետը Աղուանաց բերդերը գրաւեցին, եկեղեցիները ազատագրեցին եւ զինուած Աղուաններէն մեծ բազմութեան մը ընկերակցութեամբ Հոնաց Դուռը կամ Պահակը Պարսիցձեռքէն կորզեցին ու քանդեցին եւ ԱղուանիցՎահան թագաւորին միջոցաւ՝ Հոները եւ ուրիշ բարբարոս ցեղեր հրաւիրեցին իրենց հետգործակցելու ընդդէմ հասարակաց ոսոխին:

Է. ՎԱՍԱԿԻ ՀԱԿԱՇԱՐԺՈՒՄԸ

Մինչ Վարդանի բանակը այս սխրադործու

անդինՎասա:

ալ սկսեր էր գործի: Դիմակըվար նետելով՝ իր ծրագրին հաշւոյն կը գրաւէր Հայ բերդերը եւ քաղաքները որ անպաշտ

- 26 -

Page 35: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

պան մնացած էին, կ'ասպատակէր երկիրը,կ'աւ

րէր եկեղեցիները եւ միաբանութեան պաազոանող իշխանաց եւ եկեղեցականաց զաւակներըգերի կը տանէր : Ամէն կողմ նամակներ կը ղըրկէր մեւ թագաւորէն հաղորդուած խաբուսաագրութիւններ կը շրջաբերէր պնդելով թէ ծալակերտ Հայոց կրօնական ազատութիւն շնորհած

է եւ մինչեւ իսկ մոգերուն ջարդը ներած էպայմանաւ որ լքանեն Վարդանը: Բայց երբ

Վարդանի յաղթական վերադարձը լսեց՝ իր երկիրներուն բերդերը ապաւինեցաւ իրեն Հետ

քշելով Մամիկոնեաններուն, Կամսարականներուն եւ ուրիշ ուխտապահ իշխաններուն զաւակները, զորս վերջն ալ Պարսից թագաւորին

յանձնեց 3

Այս միջոցին ձմեռը վրայ Հաաաւ : Վարդան իր զօրքերուն մեծ մասը ցրուեց՝ պատուի

շին ներքեւ 3 Ինք մնացեալ զօրքերով՝ Արարատեան գաւառէն Սիւնեաց երկրին մէջ վրէժխընդրական արշաւանքներ կը կատարէր: Նոյնատեն միաբանեալ նախարարները գերի բռնըւած Պարսիկ մը ղրկեցին իրաց վիճակը եւ Վասակին խաբէութիւնը թագաւորին ներկայացը

նելու եւ իրենց համար բարեխօսելու: Այս

պատգամաւորին խօսքերը կարծես վայրկեան մը ցնցեցին թագաւորին հաստատակա

մութիւնը: Ներողութեան եւ խաղաղութեան

— 27 —

Page 36: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

հրովարտակ մը հանեց եւ քրիստոնէութիւնը

ազատ եւ օրինաւոր հռչակեց : Այս իմաստով

մասնաւոր հրովարտակ մըն ալ Հայաստան ղըր

կեց : Բայց Վարդանեանք որ տիրացած էին

երկրին կարեւոր բերդերուն եւ քաղաքներուն՝

կը կասկած էին թագաւորին անկեղծութեան

վրայ եւ իրենց միաբանութիւնը հաստատ կը

պահէին : Արքայական խոստումը ոեւէ երաշ

լի գործով ինքզինքը չէր իրականացներ: Ընդհակառակը՝ դեռ Միհրներսեհ իր տիրապետող

դիրքին վրայ կը կենար եւ Վասակ Տիզբոնի

համարումը կը վայելէր եւ իր գործակալնե

կղզիացնել եւ ցրուել: Իր ատելութիւնը մաս

նաւորապէս ուղղուած էր Վարդանի դէմ եւ իրքսութիւնները յաջողեցան Հայոց սպարապետին

արեւմտեան ազգակիցները (Աղձնեաց տոհմը)իրմէն ուծացնելու եւ չէզոքութեան համոզելու:Արդարեւ շատ չանցած՝ թագաւորը հայ ապըստամբները՝ խօսքով սիրաշահելու անկարող եւ թերեւս իր զինուց զօրութեան վստահելով՝ վերադարձաւ հին ծրագրին : Լսուեցաւթէ Միհրներսեհ Փայտակարան հաստատուած՝Վասակի հետ կը հաղորդակցէր եւ Հայոց վըրայ զինուորական արշաւանք մը կը պատրաատէր :

— 28 —

Page 37: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ցաւ մարտիրոսական մահուան գեղեցկութեանվրայ, Մակաբայեցւոց պատմութիւնը յիշեց.

քաջութեան յորդորեց 3 Նոյնպէս հանճարեղ

Յովսէփ երէցը՝ որ հակառակ իր եկեղեցական

ստորին աստիճանին Հայոց կաթողիկոսն էր եւ

հրալեզու Ղեւոնդ Երէցը՝ գիշերն ի բուն քարոզեցին եւ վարդապետեցին : Առաւօտեան դէմ

կը տիրէր ա՞կրտութիւնը յետաձգելու հին սովորոյթը՝ չի մկրտուածները մկրտուեցան եւամբողջ բանակը հաղորդուեցաւ: 451 թուին

շարեցին եւ անոնց մէջտեղը լեցուցին զօրքե

յէին: Վասակ որ վերջին անգամ ջանացեր էրցրուել հայ զօրքերը՝ Պարսից զօրապետին քո

Վարդան իր զօրքերը բաժնեց չորս գունդի: Առաջինը յանձնեց Արծրունեաց Տանու

տիրոջ* եւ անոր նիզակակից (օգնական) տը

* Հաւանօրէն Եղիշէի Ե. Յեղանակին ըսկիզբը յիշուած Ապրսամ Արծրունին է այս:

— 30 —

Page 38: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ւաւ Մոկաց Արտակ իշխանը, Միհրշապուհմարդպետը եւ ուրիշներ 2 Երկրորդը յանձնեցԽորէն Խորխոռունիին } Արսէն Ընծայեցիին եւ

Ներսեհ Քաջբերունիին: Երրորդին գլուխը

իր Համազասպ եղբօր եւ իր քաջարի փեսանԱրշաւիր Արշարունիի հետ : Այս 4 գունդերէնմէկը՝ վերջապահ նշանակուած էր (Փարպեցի): Բայց այս մասին մթութիւն եւ շփոթութիւն կայ:Յարձակումը ակաաւ երկուստեք Տղ ԱյնԱՄ

գերտին եզերքը: Կ'երեւի թէ առաջին ընդհարումը Հայերուն նպաստաւոր եղաւ 3 Բայցշատ չանցած Պարսից աջակողմին ընտրեալ

զօրքերը Հայոց ձախակողմը խախտեցին իր տեղէն : Զայս տեսնելով՝ Վարդան անոնց վրայխոյացաւ եւ խառնիխուռն մղեց դէպի փիղերը,

կոտորեց և ի փախուստ մատնեց 3 Ասիկա Պարսից շքեղագոյն եւ զօրաւորագոյն գո ւնդն էրոր կը ճանչցուէր Մատեան (Մարակա՞ն) անունով: Բայց նոյն ատեն Մուշկան Նիւսալաւուրտ

մասը լերանց հովիտներուն մէջ կը յամենար

կէր՞ քաջալերեց Պարսիկները որ Վարդանի

* Փարպեցին կ'ըսէ թէ փախուստ տուին:Հաւանօրէն Վասակի ջանքերը բանակին մէջ ապարդիւն չէին մնացած:

— 31 —

Page 39: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

գնդին դէմ կենան 3 Բայց երբ անոնք ալ չբաւե

րուն կռնակի վրայ բարձրացող դիտանոցներէն

գալարափողերով Պարսից յառաջամարտիկ զօր

Հոն Վարդան՝ իր նիզակակից ընկերներուն հետ

շարունակեց մինչեւ երեկոյ՝ բայց բաղդը Հայոց դէմ դարձած էր 2 Փոքրիկ եւ հետզհետէնուազող գունդերու անկարելի էր սպառել

սիկները զիրենք կը հետապնդէին, կը շրջապա

տէին, կը ջարդէին կամ ողջ ողջ կը բռնէին:Այս

վերջիններէն ոմանք գիշերը իրենց պահապաննե

րը ջարդելով խոյս տուին, բայց ուրիշներ առ

կամ փիղերուն ոտից տակ կոխկռտուեցան: Պատերազմին մէջ մեռնողները միայն 276 հոգիէին: Ասոնց մէջ էին Վարդան, Հմայեակ, Խո

Գարեգին Սրուանձտեան, Մանուկն Արսէն Ընծայեցի եւ Վահան Գնունի։ Ջարդով մեռնողներուն թիւը հասաւ 740ի: Պարսիկներէն ին

— 32 —

Page 40: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

կան 3,544 մարդ* 3 Հոս կը վերջանայ Վարդանանց պատերազմին պատմութիւնը և ժգնաժամին առաջին դրուագը : Նաեւ հոս կը վերջանայ իրապէս՝ կրօնական հալածանքը Հայաստանի մէջ: Ասկէ վերջ եղած ռազմական գործողութիւնները նուաճումի ջանքեր էին:

վե է

Ժ. ԴԵՐԵՐԸ ԵՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐԸ

Այս է Վարդանանց պատերազմը իր խոշորգծերով: Ի՞նչպէս պէտք է դատել զայն: Ա

տացաւ իր յաղթանակը թէ տաք գլուխներու

փոթութեանց եւ անդարմանելի կորուստներու 3

գրութեան մէջ կը սիրէր հին արժէքները եւ

սակի եւ քննադատած կ Վարդանն ՄI - իր հետե

ւորդները: Բայց ոչ միայն մեր տասնեւհինգ

* Պարսից եւ Հայոց կորուստներուն համեմատութիւնը անհասկանալի է: Հայերը արդեoք անհաւատալի քաջութեա՞մբ կռուեցան թէՊարսից կորուստներուն թիւը չափազանցուածէր: Ամէն պարագայի մէջ՝ թէ Եղիշէ եւ թէՂազար համաձայն են այս կէտին վրայ:

— 33 —

Page 41: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

մանացի արեւելագէտ մը՝ Եուսթի՝ իր «ՊարսիցՊատմութեան» մէջ լռելեայն ընդունած է մերերկու աղբիւրներուն ճշմարտախօսութիւնը եւ

Վարդանանց առողջ դատողութիւնը:

Վասակի քաղաքականութեան ի նպաստ

կրնան յիշուիլ միայն ա) իր հասուն տարիքըեւ փորձառութիւնը, բ) իր երիտասարդութեանօրերուն քրիստոնէական խանդը, գ) Պարսկաստանի պէս հզօր տէրութեան մը դէմ մաքառելու անխոհեմութիւնը, դ) իր զաւակները պատանդ տուող հօր մը զգացումները, ե) կացութիւնը՝ քիչ մը համակերպութեամբ եւ քիչ մընալ էնթրիկներու միջոցաւ բարւոքելու կարելիութիւնը եւ վերջապէս՝ զթագաւորին անստոյգզիջումը: Ասոնք բոլորն ալ տարակուսելի կէտեր են:Բայց ապստամբութեան անհրաժեշտութիւ

նկատումներ:

Վարդանի կուսակցութեան անդամներուն իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը կասկածիտակ դնելու բնաւ պատճառ չունինք: Անոնքշատ աւելի կարեւոր անձնաւորութիւններ էինքան Վասակի ընկերները, աւելի անձնուէր , ա

նի գործերուն եւ քաղաքականութեան որքանՎասակ : Երկրին անդորրութիւնը վրդովող մեքենայութիւնները ծնած էին ոչ թէ իրենց՝ այլարքունեաց խորհուրդներէն: Չենք գիտեր թէդէպքերուն ընթացքը ինչ պիտի ըլլար՝ եթէ

— 34 —

Page 42: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

նախարարներուն ուրացութիւնը տեղի ունեցած

չըլլար : Վստահաբար կրնանք ըսել թէ — Վասակ ինք էր պարագլուխը այդ դժբաղդ ուրացութեան որ բարոյապէս քայքայիչ ագա*քին վրայ եւ լայնաբաց դուռը պիտի ըլլարուրկէ քրիստոնէութենէ շատ նուազ արժէք ո-

պիտի կազմալուծէր երկիրը: Արդէն ՄովսէսԽորենացիին հաւաքած եւ մեզի կտակած հինՀայկական անունները տեղ ե տուած էին Պարթեւական եւ Պարսկական անուններու: Պարսկերէնը եւ Պարսիկ քաղաքակրթութիւնը ժողո

կ'իւրացնէին անոն ցբառերը եւ սովորոյթները:Ուրացողներուն երկրորդ սերունդը այլեւս չպիտի յիշէր ուրացութեան պարագաները եւ մոլեռանդօրէն պիտի յարէր նոր կրօնքին: Այսպէս

եղած է միշտ եւ այս էր Յազկերտի եւ Միհրներսեհի ուզածը 3 Ուստի տրուած ըլլալով արքունիքին Քրիստոնէութեան դէմ տածած խոր

պահով եղանակ կար՝ նախարարներու կրօնափոխութեամբ Հայաստանի մէջ ստեղծուած վըտանգաւոր վիճակը բարւոքելու: Պէտք էր ՄI -ա

րացութիւնը իբրեւ բռնութեան տակ գործուածկեղծիք մը խոստովանիլ ժողովուրդին առջեւ,

ամէն կարելի միջոցներով երկրէն արտաքսելզրադաշտականութեան օտարոտի միսիոնարնե

— 35 —

Page 43: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

թը եւ զինուիլ ինքնապաշտպանութեան համար :

Եթէ ասոնցմով թագաւորը եւ իր խորհրդա

քը պիտի սրտապնդէր ժողովուրդը բարոյապէս

քերը կրնային ջախջախուիլ եւ բանակները

մին, անյողդողդ քաջութեան եւ բոսորագեղմարտիրոսութեան առջեւ Յազկերտները եւ

Միհրներսեհները ստիպուած էին յետս ընկըրկիլ: Իսկ եթէ Յոյները օգնութեան գային,Հայերը կատարելապէս միանային եւ Հոներնալ Պարսիկները քիչ մը աւելի զբաղեցնէին՝ ա

նէր որ կրնար բաղդատուիլ ասանկ բանականծրագրի մը հետ:

Վասակի կեանքին ամենէն մեծ եղերերգու

թեան վրայ անջնջելի արատ մը բերող բարոյական թերութիւնը՝ Վարդանանց այս պատ

կան դիրքն է : Անշուշտ դժուար էր գորովա

— 36 —

Page 44: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

գութ հօր մը համար զոհել իր զաւակները եւ

խաղաղասէր մարդու մը համար պայքարի մէջմտնեյ : Բայց եթէ ազգին Մ. Ա-եկեղեցւոյ ապաՀովութիւնը կը պահանջէր ասանկ պատարագ

մը՝ Հայ իշխան մը կրնա՞ր զայն մերժել: Եթէ անիկա ապստամբութենէն իր ձեռքը լուացած եւ մէկդի քաշուած ըլլար՝ կրնայի՛նք զինքը զատասիրտ կոչել՝ բայց պիտի վարանէի՞նք«մատնիչ» անունով որակելու իր ծերունազարգդէմքը: Սակայն աւաղ, որ անիկա իսկապէս եւանընդմէջ մատնեց Հայ դատը՝ երբ գիտակցաբար դրժեց ուրացութեան պայմանին, եւ կըրկին եւ կրկին ոտնակոխ ըրաւ իր երդումները,

երբ օրինակով եւ ազդեցութեամբ զարկ

տուաւ կրակապաշտութեան ծաւալումին, երբ՝փոխանակ իբրեւ իր հայրենիքին մարզպանը՝արքունեաց առջեւ պարզելու Հայոց հոգեբանութիւնը եւ հալածանքին անխուսափելի ելքը՝

հայատեաց Միհրներսեհի ձեռքը եւ ջանացպարսկամոլ կուսակցութիւն մը կազմելու, երբգաղտնաբար ջանաց քանդել միաբանութիւնը և

զանիկա զրկել ամէն արտաքին օժանդակութենէ եւ յայտնաբար անոր դէմ դարձաւ նոր եւ

հրապարակային ուխտէ մը վերջ: Կրնայ ըլլալոր իրեն վերագրուած լրտեսութիւնը կատարած

չըլլայ, թէպէտ երեւոյթներն իրեն դէմ էին,

կրնայ ըլլալ որ թագաւորին վերջին խոստումներուն ինք հաւատացած ըլլայ , կրնայ ըլլալ • • •

— 37 —

Page 45: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

Բայց իր նկարագիրը այնքան շիլ էր, իրգործերը այնքան լեցուն էին հակասութեամբ

եւ իր վերջի ժամանակներուն վարմունքը այնքան որոշապէս հակազգային բնոյթ ունէր որիրաւամբ իր թշնամիները զինքը խարակեցինիբրեւ անձնական փառասիրութիւններ հետապընդող մատնիչ մը: Հայաստանի վրդովումներուն պատասխանատուութենէն Վասակի խոշոր բաժինը կը տեսնուի սա պարագայէն թէՎարդանանց ճակատամարտէն վերջ՝ փոխա

յոց մարզպանը անարգուեցաւ և պատժուեցաւ:Իր տէրերն իսկ հասկցեր էին թէ անոր կամա

մոլորցուցած եւ պարսկական շահերուն վնասած էր:

Վասակ՝ ամէն ցեղերու եւ ազգերու մէջտեսնուած երկմիտ ու տկար, բարոյապէս անկայուն, անձնամոլ եւ նախանձոտ բնութիւններէն էր, որոնք ձգձգումներու եւ ստորնութիւններու ճամբով կը հասնին դաւաճանութեան գարշելի դիրքին եւ մատնիչութեան տըխուր համբաւին :

ՎԱՐԴԱՆ ճիշդ հակապատկերն էր Վասակի: Հաւատքին մէջ անկեղծ եւ ջերմեռանդ,ստութեան եւ պատրանքի թշնամի, սիրող՝ ուղղակի եւ առնական քաղաքականութեան, աներկեւան տեսլապաշտ մը՝ եւ ասպետական ոգւովտոգորուած՝ անիկա գործեց՝ հայ եկեղեցա

— 38 —

Page 46: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

կանութեան եւ ազնուականութեան լաւագոյն

տարրին հետ եւ զոհեց ինքզինքն ու իրենները

աչ թէ իր փառքին կամ շահին համար՝ այլ«ի վերայ ազգին եւ եկեղեցւոյ» : Իրեն նման

ներունն է պատիւը և վերջնական յաղթանակը:

ՎԵՐՋ

- 39 -

Page 47: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

--,: :W)

Private Լibrary *,F0ՍNDED 191

Frasna, ( -

Page 48: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
Page 49: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

ՍNIVERՏITY OF CALIFORNIA ԼIBRARY

- , Los Aոցeles

fհեօek գոս:on the last date stamped below.

ք:C -

լDiԱRJANց 30

թtB ծ 2199

ջք(0(0,\W

ք,, -

Page 50: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ

յյյ0 58 8

Ս0 Տ0UTHERN REGI0NAլ լ||

ԱԱ000 8286

Page 51: Vardanantsʻ paterazmě / gretsʻ M.H. Ananikyan.greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/hajgirqn/book/vardanac_1918.pdf · ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ"Ը Ա.ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ