Top Banner
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Վերաբացումի «Կոչ, Բաց Նամակ»ին Առիթով ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ Ուրբաթ, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 40 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Վերջերս խումբ մը Մելգոնեանցիներ «Կոչ-Բաց Նամակ» ով մը դիմում կատարեցին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան որպէսզի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերաբացուի գլխաւորաբար Սուրիահայ պատանիներու համար: Որպէս արձագանգ այդ նամակին, հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ եւ ոչ Մելգոնեանցիներ աշխարհի զանազան անկիւններէն զորավիգ կանգնեցան այդ «Կոչ»ին: (Այցելել www.melkonianforever.org կայքը): Այդ «Կոչ-Բաց Նամակ»ին հեղինակներուն միտքին մէջ մէկէ աւելի պատճառներ կային Մելգոնեանը վերաբացուած տեսնելու: Բնականաբար առաջին պատճառը Սուրիահայ, բայց մանաւանդ Հալէպահայ մեր զաւակներուն ապահով միջավայր փոխադրել եւ որակաւոր ուսում հայթայթելն էր: Մօտ երեք տարիներէ ի վեր շարունակուողՍուրիոյ ահաւոր «քաղաքացիական» պատերազմը տակաւին շատ հեռու է իր աւարտին հասնելէ: Ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումները, ինչպիսին են «Ալ- Նուսրա»,« ԻՍԻՍ»(Islamic State of Iraq and the Levant), « Ահրար էլ Շամ» (Ahrar al Sham), «էլ Թաուհիտ» (Al-Tawheed) եւ այլք, գլխաւորութեանբ «Էլ Քայիտա»յի, ծրագրած են իբր թէ ծայրայեղ Իսլամական պետութիւն մը հիմնել Քուրանի – Շարիայի շատ խիստ եւ պահպանողական օրէնքներով: Այս ծայրայեղականները ոչ մէկ յարգանք ունին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուn հանդէպ: Եկեղեցիները կը պղծուին, կը կողոպտուին, կը քանդուին, անմեղներ կը գլխատուին, մանուկներ կ'առեւանգուին, կը պղծուին, հազարաւորներ կը սպաննուին, մինչ
12

Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

Mar 07, 2016

Download

Documents

Ramgavar Party

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.
Welcome message from author
This document is posted to help you gain knowledge. Please leave a comment to let me know what you think about it! Share it to your friends and learn new things together.
Transcript
Page 1: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան

Վերաբացումի «Կոչ, Բաց Նամակ»ին Առիթով

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 40 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Վերջերս խումբ մը Մելգոնեանցիներ «Կոչ-Բաց Նամակ» ով մը

դիմում կատարեցին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր

Միութեան որպէսզի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը

վերաբացուի գլխաւորաբար Սուրիահայ պատանիներու համար:

Որպէս արձագանգ այդ նամակին, հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ

եւ ոչ Մելգոնեանցիներ աշխարհի զանազան անկիւններէն զորավիգ

կանգնեցան այդ «Կոչ»ին: (Այցելել www.melkonianforever.org կայքը):

Այդ «Կոչ-Բաց Նամակ»ին հեղինակներուն միտքին մէջ մէկէ աւելի

պատճառներ կային Մելգոնեանը վերաբացուած տեսնելու:

Բնականաբար առաջին պատճառը Սուրիահայ, բայց մանաւանդ

Հալէպահայ մեր զաւակներուն ապահով միջավայր փոխադրել եւ

որակաւոր ուսում հայթայթելն էր:

Մօտ երեք տարիներէ ի վեր շարունակուողՍուրիոյ ահաւոր

«քաղաքացիական» պատերազմը տակաւին շատ հեռու է իր

աւարտին հասնելէ: Ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումները,

ինչպիսին են «Ալ- Նուսրա»,« ԻՍԻՍ»(Islamic State of Iraq and the

Levant), « Ահրար էլ Շամ» (Ahrar al Sham), «էլ Թաուհիտ» (Al-

Tawheed) եւ այլք, գլխաւորութեանբ «Էլ Քայիտա»յի, ծրագրած են

իբր թէ ծայրայեղ Իսլամական պետութիւն մը հիմնել Քուրանի –

Շարիայի շատ խիստ եւ պահպանողական օրէնքներով:

Այս ծայրայեղականները ոչ մէկ յարգանք ունին քրիստոնեայ

փոքրամասնութիւններուn հանդէպ: Եկեղեցիները կը պղծուին, կը

կողոպտուին, կը քանդուին, անմեղներ կը գլխատուին, մանուկներ

կ'առեւանգուին, կը պղծուին, հազարաւորներ կը սպաննուին,

մինչ

Բնականաբար առաջին պատճառը Սուրիահայ, բայց մանաւանդ Հալէպահայ մեր

զաւակներուն ապահով միջավայր փոխադրել եւ որակաւոր ուսում հայթայթելն էր:

Մօտ երեք տարիներէ ի վեր շարունակուողՍուրիոյ ահաւոր «քաղաքացիական»

պատերազմը տակաւին շատ հեռու է իր աւարտին հասնելէ: Ծայրայեղ իսլամական

խմբաւորումները, ինչպիսին են «Ալ- Նուսրա»,« ԻՍԻՍ»(Islamic State of Iraq and the Levant), «

Ահրար էլ Շամ» (Ahrar al Sham), «էլ Թաուհիտ» (Al-Tawheed) եւ այլք, գլխաւորութեանբ «Էլ

Քայիտա»յի, ծրագրած են իբր թէ ծայրայեղ Իսլամական պետութիւն մը հիմնել Քուրանի –

Շարիայի շատ խիստ եւ պահպանողական օրէնքներով:

Այս ծայրայեղականները ոչ մէկ յարգանք ունին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուn

հանդէպ: Եկեղեցիները կը պղծուին, կը կողոպտուին, կը քանդուին, անմեղներ կը

գլխատուին, մանուկներ կ'առեւանգուին, կը պղծուին, հազարաւորներ կը սպաննուին, մինչ

Page 2: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 40 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Քրիստոնեայ Եւրոպան եւ Ամերիկան կոյր եւ խուլ կը ձեւանան...(Կը յիշէ՞ք Հայկական

ջարդերը...)

Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տեղեկագրութիւններուն, Սուրիոյ մէջ,

ինչպէս նաեւ գաղթակայաններուն, վարակիչ հիւանդութիւնները ահաւոր չափերու հասած

են: Այսպէս, measles, typhoid, hepatitis, dysentery, tuberculosis, diphtheria, whooping cough եւ

այլ հիւանդութիւններ աւերներ կը գործեն մանաւանդ երեխաներուն եւ պատանիներուն

մէջ:

Հալէպի շատ մը շրջաններուն մէջ ջուրի ահաւոր պակասը կայ: Յաճախ երեխաներ անօթի

կը պառկին, երբեմն քանի մը օր: Շատ դէպքեր պատահած են որ այդ երեխաները անօթի

մեռնին: Ըմբոստներու եւ Սուրիական Ուժերու միջեւ ռմբակոծումները ամէնօրեայ

երեւոյթներ են: Սուրիական Օդուժը ինքնաթիռներով «Տակառառումբ»եր կը տեղացնէ

Հալէպի վրայ եւ հարիւրներով զոհեր կը խլէ:

Բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ քանդուած են: Բազմաթիւ դպրոցներ ծանր վնասներու

ենթարկուած են: Բազմաթիւ հայապատկան տուներ, ակումբներ, խանութներ, հաստա-

Տեսարան Հալէպի հայկական թաղամասերու անմիջական շրջակայքէն

Page 3: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 40 էջ 3

տութիւններ աւերուած են: Հալէպ մնացած հայերը կ'ապրին որեւէ ատեն սպաննուելու,

առեւանգուելու վտանգին տակ: Այս ահաւոր պայմաններուն տակ տակաւին կարգ մը

դպրոցներ բաց են եւ քէշ-աղէկ կ'աշխատին:

Հայ պատանիները, մեր երեխաները, այսպիսի ահաւոր պայմաններու մէջ կ'ապրին եւ

կ'ուսանին:

Տակաւին, քանի մը օր առաջ Միացեալ Ազգերու կողմէ հրատարակուած մէկ

տեղեկագրութեան մէջ կը կարդայինք թէ ինչպէս Սուրիացի մանուկներ եւ պատանիներ

կ'առեւանգուին, չարչարանքներու եւ սեռային բռնաբարումերու կ'ենթարկուին: Երկու

կողմերն ալ պարտադիր կը զինուորագրեն պատանիները եւ զանոնք կը գործածեն

ինքնասպանական գործողութիւններ կատարելու կամ որպէս մարդկային պատնէշ: ՄԱԿ-

ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի-մունը կ'ըսէ թէ «Սուրիացի մանուկները կ'ենթարկուին

Հալէպի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցին՝ հրկիզուած

Page 4: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

անպատմելի տառապանքներու, տանջանքներու,» եւ կողմերէն կը պահանջէ «անյապաղ

միջոցներու ձեռնարկել Սուրիացի մանուկներուն մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու

եւ յարգելու համար: »

Երկու կողմերն ալ առեւանգուած պզտիկները ենթարկած են ծեծի, մետաղեայ եւ փայտեայ

գաւազաններով եւ խարազաններով, ելեկտրական հոսանքի ցնցումներու, սեռային

բռնաբարումներու, սիկարէթով այրելու, օրերով անօթի, ծարաւ եւ անքուն պահելու

չարչարանքներուն, եւայլն: Զինեալ ծայրայեղական խումբեր նոյնիսկ, ըստ կամս,

գնդակահարումներու եւ գլխատումներու ենթարկած են այս անմեղ մանուկները:

Նկատի ունենալով որ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը կրնայ շուրջ

հազար (1000) աշակերտի ապահով պատսպարան հայթայթել, Կոչ-Բաց Նամակով մը

դիմում կատարուեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան որ վերաբանայ Մելգոնեան Կրթական

Հաստատութիւնը:

Մելգոնեանի մէջ հայ պատանիները ոչ միայն ապահով պիտի ըլլան, այլ նաեւ ստանան

սնունդ, բժշկական խնամք, եւ բարձրորակ ուսում: Անոնք հեռու պիտի ըլլան մահուան

ճիրաններէն, հոգեկան ահաւոր ցնցումներէ: Անոնք մօտ պիտի մնան իրենց ծննդավայրին,

եւ երբ օրը գայ, պիտի կարենան վերադառնալ եւ վերաշինել իրնց հայրերուն տուները,

վերաշինել դպրոցներն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու արհեստանոցները:

Չեմ գիտեր քանի՞ հազար Սուրիահայ գաղթականներ կան Սուրիոյ, Լիբանանի,

Յորդանանի, Թուրքիոյ թէ այլ գաղթակայաններու մէջ: Մելգոնեանի վերաբացումով կարելի

պիտի ըլլայ նաեւ այս գաղթակայաններէն հարիւրաւոր պատանիներ փրկել եւ անոնց

ծնողները ահաւոր մղձաւանջներէ ազատել: Կարդացած էք անշուշտ որ այս

գաղթակայաններէն հարիւրաւոր, հազարաւոր պատանիներ պարտադրաբար կը

զինուորագրուին «ընդիմադիր» կողմերէն եւ շատ կարճ զինավարժութիւններէ ետք կը

ղրկուին ճակատ: Արդեօք քանի՞ հայ պատանիներ զոհ գացած են այս ճիւաղային ծրագրին,

չեմ գիտեր:

Տակաւին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը պիտի վերածուի Արեւմտահայերինէ

ամրոց - դարբնոցի: Այսօր ամեւմտահայերէնը գահավիժումի մէջ է եւ գրեթէ մահամերձ է:

Արտասահմանի մէջ չկայ դպրոց մը որ կարենայ վերականգնել արեւմտանայ լեզուն:

Հայաստանի համալսարաններու մէջ հաւանաբար քանի մը հոգի սերտեն

արեւմտահայերէնը, բայց անոնք արեւմտահայ չե՛ն: Արեւմտահայերու պատմութիւնը

տարբեր է արեւելահայերու պատմութենէն: Արեւմտահայերու գրականութիւնը, մշակոյթը,

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 40 էջ 4

Page 5: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

Տեսարան Հալէպի հայկական թաղամասերու անմիջական շրջակայքէն

մտածելակերպը, հոգեբանութիւնը, լեզուամտածողութինը, լեզուին զարգացման փուլերը,

քերականութիւնը, ուղղագրութիւնը եւ բազմաթիւ այլ ազդակներ այնքան տարբեր են որ

արեւելահայը չի կրնար քանի մը հոգիով տէր կանգնիլ արեւմտահայ լեզուին: Այս հարցին

մասին տակաւին կարելի է շատ աւելի խորանալ եւ զայն աւելի պարզաբանել, բայց այս

յօդուածի սահմաններէն դուրս կ'ինայ այդ:

Երեւակայեցէք պահ մը: Շուրջ հազար արեւմտահայ աշակերտ, գիշերօթիկ վարժարանի

մէջ, պատրաստուած, կարող, նուիրեալ եւ արեւմտահայերէնով մտահոգ ուսուցիչներու

խնամքին տակ, ճոխ գրադարանով, արեւմտահայերէն լեզուն լաւ սորվելու, վերականգնելու

նախանձախնդրութեամբ, նպատակասլաց կրթութիւն ստանան: Կրթական միւս ոլորտները

երբեք տուժելու պէտք չունին: Պարզապէս օգտուելով Մելգոնեանի գիշերօթիկ ըլլալու

հանգամանքէն, հրաշքներ կարելի է գործել: Չմոռնանք որ այս աշակերտները «պատանդ»

են, այսինքն երթալիք տեղ չունին, հետեւաբար տրամադիր պիտի ըլլան բարձր

կարգապահութեամբ լաւ ուսանելու, մանաւանդ սիրով հրամցուած արեւմտահայերէնը:

Այս առիթով, ապահով միջավայր պիտի ստեղծուի նաեւ Հալէպահայ բազմաթիւ հայերէնի

ուսուցիչներու...

Մելգոնեանէն շրջանաւարտ աշակերտները պատրաստ պիտի ըլլան նաեւ բեմական եւ

ազգայն կեանքին: Գիշերօթիկի հանգամանքով, Մելգոնեանցիները գրեթէ ամէն շաբաթ

մշակութային, գրական, թատերական, երաժշտական եւ այլ գեղարուեստական

երեկոյթներով վարժ պիտի ըլլան նման ձեռնարկներ կազմակերպելու, մշակութային

կեանքը զարգացնելու իրենց համայնքներէն ներս: Եթէ նայինք քառասունական

թուականներէն մինչեւ իննիսունական թուականներու մեր գաղութներուն ազգային –

մշակութային կեանքին, հոն պիտի տեսնենք Մելգոնեանցիներու գերակշռութիւնը: Եւ

ասիկա

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 40 էջ 5

Page 6: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

թուականներէն մինչեւ իննիսունական

թուականներու մեր գաղութներուն

ազգային – մշակութային կեանքին,

հոն պիտի տեսնենք

Մելգոնեանցիներու գերակշռութիւնը:

Եւ ասիկա կ'ըսեմ ոչ թէ յոխորտալով,

այլ որպէս պարզ փաստ: Համեստօրէն

հպարտ ենք որ Մելգոնեանցիներս մեր

համայնքներուն մէջ առաջնորդի

դիրքերու վրայ էինք եւ ենք տակաւին:

Բարեգործականի, կուսակցութիննե-

րու, միութիւններու, եկեղեցիին եւ քիչ

մը ամէն տեղ պիտի հանդիպիք

Մելգոնեանցիներու ազգային ծառա-

յութեան մէջ,արհեստավարժ (ուսու-

ցիչ, տնօրէն, խմբագիր եւայլն) թէ

կամաւոր ծառայող (հոգաբարձու,

ծխական խորհուրդի անդամ,

միութենական վարչական եւայլն):

Վաղը, այսօրուան մեր Սուրիացի

պատանին-Մելգոնեանցին պիտի

մեծնայ եւ գաղութներու մէջ ստանձնէ

առաջնորդի դիրքեր:

Կարելի է տակաւին շատ խօսիլ

Մելգոնեանը վերաբանալու

հրամայական անհրաժեշտութեան եւ

բազմաթիւ ազգօգուտ նպատակներու

մասին: Պարզապէս յիշենք տակաւին

որ նիւթականն ալ հարց չէ եւ չի

կրնար ըլլալ: Քանի՞ տոլարի

փոխարէն կը համաձայնէիք ձեր

զաւակը կամ թոռնիկը ազատել

գլխատումէ... Քանի՞ տոլար պիտի

www.facebook.com/RAGmamoul

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան զոյգ

դպրոցաշէնքերը

ծխական խորհուրդի անդամ, միութենական վարչական եւայլն): Վաղը, այսօրուան մեր

Սուրիացի պատանին-Մելգոնեանցին պիտի մեծնայ եւ գաղութներու մէջ ստանձնէ

առաջնորդի դիրքեր:

Կարելի է տակաւին շատ խօսիլ Մելգոնեանը վերաբանալու հրամայական

անհրաժեշտութեան եւ բազմաթիւ ազգօգուտ նպատակներու մասին: Պարզապէս յիշենք

տակաւին որ նիւթականն ալ հարց չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Քանի՞ տոլարի փոխարէն կը

համաձայնէիք ձեր զաւակը կամ թոռնիկը ազատել գլխատումէ... Քանի՞ տոլար պիտի

վճարէիք ձեր զաւակը առեւանգիչ – բռնաբարողներու ձեռքէն ազատելու... Բարեգործականի

ղեկավար-ները գիտեն որ դրամը կա՛յ: Անհրաժեշտ է զայն գործածել հազարաւոր

պատանիներ փրկելու, կրթելու եւ Ազգին նուիրելու:

Անձկութեամբ կը սպասենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

Կեդրոնական Վարչութեան դրական պատասխանին:

Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 40 էջ 6

Page 7: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 8: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 9: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan
Page 10: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan
Page 11: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan
Page 12: Melkonian hasdadoutyan verapatsoumi goch namagin aritov by vartkes kourouyan

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]