è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՀՈՒԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆ ՈՒ ՄԵԾ ԲԱՆԱՍԷՐ`ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: դիմակալող անձ մը ըլլալուն, զինք կրցած էր մասնաւոր դասատուներու մօտ դնել նախնական կրթութեան համար, ապա միջնակարգ ուսման համար պիտի յաճախէր ան տեղւոյն Մաքրուհեան վարժարանը աւարտելով զայն բացառիկ յաջողութեամբ 1886-ին: Պատանի տարիքին արդէն ընթերցանութեան նուիրուած էր ու վարժարանը չաւարտած 13 տարեկանին իր առաջին գրութիւնը հանդէս պիտի գար «Բուրաստան Մանկանց» հրատարակութեան մէջ, որ կը հրատարակուէր Պոլիս: Օրուայ Յօդուածը www.facebook.com/RAGmamoul Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը (Տեսնել՝ էջ 8) Ֆրանսա Ֆրանսայի Մէջ Հայուհի մը Կ’արժանանայ Պատուոյ Լեգէոն Շքանշանի (Տեսնել՝ էջ 9) Մշակութային Լուրեր Արցախի Տիգրանակերտի Արշաւախումբը Կը Ծրագրէ Բանալ Վաղ Քրիստոնէական Հրապարակի Երկրորդ Եկեղեցին (Տեսնել՝ էջ 10) Չօպանեան ծնած էր Պէշիկթաշի շրջանը, Պոլիս, Յուլիս 15, 1872-ին: Հազիւ մէկ ամսական ան պիտի կորսնցնէր իր մայրը ու հասակ պիտի առնէր խորթ մօր մը խնամին տակ: Հայրը հակառակ արհեստաւորի համեստ պայմանները դիմակալող անձ մը ըլլալուն, զինք կրցած Արշակ Չօպանեան Պոլսոյ կեդրոնական երկրորդա- կան վարժարանը կրթութեան ուսումնարան պիտի հանդիսանար Չօպանեանի համար: Վարժարանի ատենի տնօրէնն էր Մինաս Չերա- զը: Ան պիտի մասնագիտանար հայ ու Եւրոպական գրականութեան մէջ աշակերտելով Գարեգին Սրուանձտեանցին, Եղիա Տէմիր- ճիպաշեանին, Մաղաթիա Արք. Օրմանեանին, Թովմաս Թերզ- ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]
RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.
Welcome message from author
This document is posted to help you gain knowledge. Please leave a comment to let me know what you think about it! Share it to your friends and learn new things together.
գնահատանքին. ան Հնդեւրոպաբան եւ հայագէտ-լեզուաբան, հիմնարկի անդամ Շարլ տը Լամպերթըրիի
կողմէ պարգեւատրուեցաւ Պատուոյ Լեգէոն շքանշանի: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը:
Արեւելեան լեզուներու հիմնարկի նախագահուհին՝ Մանիւէլ Ֆրանք եւ Լեզուաբանական հետազօտութեանց
միաւորման տնօրէնուհի Իզապէլ Լեկլիզ՝ ներկայիս ղեկավարները այն հաստատութեանց, ուր տեղի
ունեցած է Ա. Տօնապետեանի մասնագիտական յառաջընթացը, մանրամասնօրէն ներկայացուցին Անահիտ
Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը: Մ. Ֆրանք մասնաւորաբար
նշեց Տօնապետեանի վիթխարի աշխատասիրութիւնը, դժուարին իրավիճակներու մէջ լուծումներ գտնելու
կարողութիւնը եւ մարդամօտութիւնը: Անթուան Մէյէի, Ժորժ Տիւմեզիլի, Ֆրետերիք-Արման Ֆէյտիի, Ժան-
Փիեռ Մահէի նման այնքա՜ն նշանաւոր գիտնականներէ ետք ստանձնելով ղեկավարութիւնը INALCO-ի
Հայագիտական բաժինին՝ Տօնապետեան կրցաւ զայն վերածել Հայաստանէն դուրս ամէնէն լիակատար եւ
ամբողջական հայագիտական կրթութիւն ապահովող համալսարանական ամպիոնին: Իզապէլ Լեկլիզ, իր
կարգին, ընդգծեց, որ ինք յաջորդած է եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Ա. Տօնապետեանի ժամանակին
տնօրինած հետազօտական միջ-գիտակարգային միաւորումը, որ ձեւաւորուած եւ առաջին քայլերը առած է
անոր օրօք (այժմ՝ «Լեզուներու կառուցուածք եւ ուժականութիւն»):
Անահիտ իր երախտիքի բառերը ուղղեց, նախ եւ առաջ՝ իր
ընտանիքին եւ ծնողներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան:
20-րդ դարասկզիբին Խարբերդի շրջանէն մազապուրծ եղած իր
ընտանիքը մշտապէս թիկունք եւ ազդակ հանդիսացած է իր
գործունէութեան: Մեծ Եղեռնէն վերապրած ընտանիքին միակ
անդամը՝ Տօնապետ Տօնապետեանը, կռուած է ֆրանսական
Արեւելեան լեգէոնի շարքերուն մէջ եւ մասնակցած Կիլիկիոյ
մարտերուն: «Այժմ, այս պարտաւորող շքանշանը, որ կը
շնորհուի ինծի, ես կը համարեմ յարգումը եւ պատուումը իմ մեծ
հայր Տօնապետ Տօնապետեանի անմար յիշատակին. իսկական
լեգէոնական, սակայն առանց Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ
կոչումին…»՝
Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 9
Փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան
Մշակութային Լուրեր
ԱՐՑԱԽԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ԲԱՆԱԼ ՎԱՂ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Արցախի հնագիտական արշաւախումբը Տիգրանակերտի մէջ կը ծրագրէ բանալ կեդրոնական թաղամասի վաղ
քրիստոնէական հրապարակի երկրորդ եկեղեցին, որ յայտնաբերուած է անցեալ տարուան պեղումներու
ժամանակ է: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը:
Արշաւախումբը սկսած է այս տարուան իր պեղումները եւ ունի շարք մը ծրագրեր, զորս պիտի իրականացնի
մինչեւ Օգոստոսի վերջ: Այս մասին Armenpress-ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է արշաւախումբի ղեկավար, ԵՊՀ
մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ Համլէթ Պետրոսեան: “Հիմա Տիգրանակերտում ենք: Պեղումներն սկսուել
են Յունիսի 25-ին, այժմ զբաղուած ենք յուշարձանի տարածքը մաքրելով: “Պեղումների ծաւալը նախորդ
տարիներին բաւականին մեծ է եղել, մօտ մէկ հեկտարից աւելի տարածութիւն է կազմում, եւ մենք ամէն տարի
նախորդ բոլոր տարիների հետքերը մաքրում ենք, քանի որ անձրեւներ են գալիս, քարեր են ընկնում,
հողածածկոյթ է առաջանում”,- ըսած է Համլէթ Պետրոսեան` յայտնելով, որ մաքրման աշխատանքներէն
անմիջապէս ետք կը վերսկսին պեղումները:
«Այս տարուայ ծրագրում ունենք նաեւ ընդարձակել ամբողջ հարաւային բակը, եթէ հնարաւոր լինի:
Շարունակելու ենք պեղումները ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատի վրայ, որտեղ արդէն 220
մեթր պարիսպը բացուած է, ամէն տարի մօտ 20-30 մետր աւելացնում ենք: Պարիսպը մօտեցել է ընդհուպ
արքայական աղբիւրներին, յոյս ունենք, որ այս երկու սեզոններին հանդիպենք հիմնական կամ գլխաւոր մուտքին
ամրացուած թաղամասին: Քանի որ մեր կողմից վաւերացուած անտիկ թաղամասերը հինգն են, մենք միայն
մէկում ենք պեղում իրականացնում, այս տարի ուզում ենք նաեւ սկսել երկրորդի փորձնական պեղումները”,-
յայտնած է Համլէթ Պետրոսեան: Անոնք յայտնած են, որ Տիգրանակերտի մերձակայքին մարդիկ որոշ հետքեր
նկատած են, երբ արշաւախումբի անդամները գացած են ու ուսումնասիրած վայրը, պարզուած է, որ կայ այդ
տարածքի մէջ կարասային թաղում, որ շատ կը հանդիպի այդ կողմերու մէջ: «Դա վերաբերում է մ. թ. ա. առաջին-
մ.թ. երկրորդ դարերին, պէտք է տարածքը պեղենք, մաքրենք, նիւթերը տեղափոխենք»,-ըսած է Պետրոսեան`
աւելցնելով, որ Տիգրանակերտը այս տարի շատ աւելի բարեկարգ է, նոր շրջապարիսպ դրած են, շրջակայքի մէջ
նոր բացատրագրեր դրուած են: «Այդ տեսակէտից
ամէն ինչ լաւ է, մի քիչ ծանր է յուշարձանների
պահպանութեան վիճակը, որը մեզ համար
ամենակարեւորն է, քանի որ միշտ չէ, որ յաջողւում է
տարածքը լաւ հսկել: Տեղացի բնակչութիւնը մտածում
է` որտեղ շինութիւն չկայ, կարելի է անասուն
արածացնել, որը վնասում է: Վաղ քրիստոնեկան
բազիլիկ եկեղեցին ամրակայման կարիք ունի արդէն,
պայմանաւորաւել ենք, որ այս տարի մասնագէտներ
կը գան ու կը գտնահատեն տեխնիկական վիճակը եւ
ամրակայման ծրագրեր կը մշակեն»,-յայտնած է
մշակութաբանը:
Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 10
We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.