è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պատեհապաշտի Մը Վախճանը ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 16 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Ժողովուրդ մը կայ Ափրիկէի մէջ, որ իր հայրենիքի կլիմայով կը հպարտանայ, պարծենալով թէ տարին տասներեք ամիս արեւ կը վայելեն: Այս ժողովուրդը եթովպացի ազգն է, որ գործնական մտահոգութեամբ տարին երեսունական օրերով 12 ամիսներու բաժներ է, աւելցած 5-6 օրերը նկատելով տասներեքերորդ ամիս: Բնութեամբ եւ կենդանական աշխարհով հարուստ երկիր է Եթովպիան, որսորդութիւն եւ արկածախնդրութիւն փնտռող- ներուն առջեւ բանալով ամէն կարելիութիւն: Շուրջ 2500 մեթր բարձրութեամբ այս բարձրավանդակին վրայ ապրող չարքաշ ու նիզակակիր ժողովուրդը, բացի քանի մը քաղաքներէն, գրեթէ մերկ կամ կիսամերկ է՝ վայելելով 18-20 աստիճանի իտէալական կլիմայ մը: Անձրեւները առատ են՝ ոռոգելով ծաղկազարդ դաշտերն ու անտառները, ուր կարելի է հանդիպիլ ու որսալ բոլոր մեծ ու պզտիկ վայրի կենդանիները՝ եղջերազգիներէն մինչեւ առիւծ: Ես որ երազող էի Ափրիկէն տեսնելու, որսորդական եւ արկածախնդրական հակումներուս գոհացում տալու համար, յանկարծ կեանքիս ամենամեծ անակնկալներէն մէկը ունեցայ: 1951- ին Եթովպիա հրաւիրուեցայ Ատտիս Ապապայի Հեթումեան ազգային վարժարանին մէջ ուսուցչութեան համար: Երկիրը ճանչնալու պտոյտներուս ընթացքին զարմանքի հետ հիացում զգացի Լալիպելլայի ժայռափոր վանքի համալիրը տեսնելով, որ յար եւ նման, բայց աւելի մեծ էր քան Հայաստանի Գեղարդը: Ժամանակ մը յետոյ վարժարանի տնօրէն կղերականին մեկնումով, տեղը եկաւ Պէյրութի ուսուցչական խառնիճաղանճէն մէկը, որուն ծանօթ չէի: Այդ ժամանակաշրջանէն Հ. Բ. Ը. Միութեան Կրթական Յանձնախումբին քարտուղարը ըլլալով, ի պաշտօնէ պէտք էր ճանչցած ըլլալի զինք:
RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.
Welcome message from author
This document is posted to help you gain knowledge. Please leave a comment to let me know what you think about it! Share it to your friends and learn new things together.
- Շատ լաւ, ըսի եւ դուռը աղմուկով փակելով դուրս ելայ ես:
Շիտակ գացի որսի ընկերոջս խանութը եւ դէպքը պատմելէ յետոյ, յաջորդ օրը
որսորդական մեր ծրագիրը կազմեցինք ու գացինք:
Երեք օր յետոյ վերադառնալով իմացայ որ Գաղութային Վերին Մարմնի Ատենապետ եւ
ինծի շատ սիրելի Պր. Մարտիրոս Տարագճեան զիս կ'ուզէ տեսնել: Հազիւ իր
գրասենեակէն ներս մտայ, իրեն յատուկ անկեղծ ժպիտով զիս ընդունեց, բայց նաեւ
յանդիմանեց. «Դուն ո՞ւր կ'երթաս առանց ինծի պատմելու եղածը», ըսելով:
- Ի՞նչ կրնայի ընել, կրկնելով-կրկնելով ըսաւ որ վտարուած եմ:
- Եւ ատիկա գործիդ եկաւ որսի երթալու համար, հա՞: Վաղն իսկ դպրոց կ'երթաս
գործդ շարունակելու: Մնացածը մեր գործն է...:
Մոնթրէալ, Քանատա
Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 16 էջ 4
Dear Mr. Editor, I want to congratulate Mr. Sevag Hagopian with all my soul, for my heart will not be enough for his
superb 'kerazantz' article", Hayeren Uentertsasiroutyoun-ue" (RAG MAMOUL Monday, 17 January
2014 issue).
A very legitimate observation and his command of the language is admirable. He took me back to my
'Karen Yeppe' Jemaran days in Aleppo before the war. As an Armenian one feels proud that we still have
concerned treasures of his caliber.
Rosemarie Akian
New Jersey, USA
Letters to the Editor
www.facebook.com/RAGmamoul
Պրաւօ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ, Պրաւօ Խաչիկ Ճանոյեան: Պարտականութիւն մը, Մեծարանքի խօսք նուիրեալ ընկերոջ մը հանդէպ (ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ, Չորեքշաթի 29 Յունուար 2014):
Պատուական մըն է եւ սրտի գոհունակութիւն մը ըլլալով հանդերձ, նուազագոյնն է, որ կը մատուցուի յիսնամեակի մը առթիւ, այս այնքան ապերախտ սակայն նոյն ատեն երջանկութիւն պատճառող ասպարէզին՝ առ ի գնահատանք ընկեր Վազգէն Գուրույեանին:
Անդրանիկ Չատըրճեան
Թորոնթօ, Գանատա
I just want to congratulate RAG Mamoul and Raffi
Bedrosyan for this balanced and well articulated article
(RAG MAMOUL, Thursday 30th
January 2014).
I shared it with a score of my non Armenian friends and
acquaintances.
Best regards,
Antranik Yegenian
Dhahran, Saudi Arabia
We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.
ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել
աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու
յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ
ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,
բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:
Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը
հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու
հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:
Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ
հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ
բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր
գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են
ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝
Հայկականութեան:
Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian