Top Banner
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Քանատայի Թուրքերը Պէտք է Դատապարտեն եւ Ոչ թէ Արդարացնեն Ցեղասպանութեան Ժխտումը ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 6էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Քանատայի թուրքերը անցեալ ամիս ձեռնարկած էին ստորագրա- հաւաքի մը` պահանջելով Թորոնթոյի աւագ դպրոցներու 11-րդ դա- սարանի ուսումնական ծրագիրէն վերցնել Հայոց Ցեղասպանու- թեան մասին բոլոր յղումները: Այս ստորագրահաւաքը մաս կը կազմէ թուրք ժխտողականներու երկարատեւ ջանքերու` փոխելու Թորոնթոյի Շրջանային Դպրո- ցական Խորհուրդի (TDSB) 2008 թուականի որոշումը, որուն հա- մաձայն, աշակերտներուն կը դասաւանդէին Հայոց, Հրէական եւ Ռուանտական ցեղասպանութիւններուն մասին: Խորհուրդին որո- շումը յաջորդեց 2002 թուականին Քանատայի Ծերակոյտի եւ 2004 թուականին խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճա- նաչման: Բացի ատկէ, 2006 թուականէն Քանատայի վարչապետները յաջորդաբար հանդէս եկած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւններով` հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած բուռն քաղաքական ճնշման ու տնտեսական շանթաժ-ին: 2008 թուականին թրքական նմանատիպ այլ ստորագրահաւաք մը չյաջողեցաւ ստիպել վերոյիշեալ խորհուրդը փոփոխելու ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը` աւելի քան 11 հազար ստորագրութիւն հաւաքելէ ետք, յատկապէս Թուրքիայէն: Իսկապէս, Անգարայի կառավարութիւնը եւ Թորոնթոյի մէջ անոր թրքական կամակատարները վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին դիմած են կարելի բոլոր միջոցներուն` ուսումնական ծրագիրը խափանելու համար:
11

Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6

Mar 26, 2016

Download

Documents

Ramgavar Party

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.
Welcome message from author
This document is posted to help you gain knowledge. Please leave a comment to let me know what you think about it! Share it to your friends and learn new things together.
Transcript
Page 1: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Քանատայի Թուրքերը Պէտք է Դատապարտեն եւ Ոչ

թէ Արդարացնեն Ցեղասպանութեան Ժխտումը ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի

հրատարակիչ եւ խմբագիր

Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 6/Հ էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Քանատայի թուրքերը անցեալ ամիս ձեռնարկած էին ստորագրա-

հաւաքի մը` պահանջելով Թորոնթոյի աւագ դպրոցներու 11-րդ դա-

սարանի ուսումնական ծրագիրէն վերցնել Հայոց Ցեղասպանու-

թեան մասին բոլոր յղումները:

Այս ստորագրահաւաքը մաս կը կազմէ թուրք ժխտողականներու

երկարատեւ ջանքերու` փոխելու Թորոնթոյի Շրջանային Դպրո-

ցական Խորհուրդի (TDSB) 2008 թուականի որոշումը, որուն հա-

մաձայն, աշակերտներուն կը դասաւանդէին Հայոց, Հրէական եւ

Ռուանտական ցեղասպանութիւններուն մասին: Խորհուրդին որո-

շումը յաջորդեց 2002 թուականին Քանատայի Ծերակոյտի եւ 2004

թուականին խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճա-

նաչման: Բացի ատկէ, 2006 թուականէն Քանատայի վարչա-

պետները յաջորդաբար հանդէս եկած են Հայոց Ցեղասպանութեան

ճանաչման վերաբերող տարեկան պաշտօնական

յայտարարութիւններով` հակառակ թրքական կառավարութեան

կողմէ գործադրուած բուռն քաղաքական ճնշման ու տնտեսական

շանթաժ-ին:

նաչման: Բացի ատկէ, 2006 թուականէն Քանատայի վարչապետները յաջորդաբար հանդէս

եկած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող տարեկան պաշտօնական

յայտարարութիւններով` հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած բուռն

քաղաքական ճնշման ու տնտեսական շանթաժ-ին:

2008 թուականին թրքական նմանատիպ այլ ստորագրահաւաք մը չյաջողեցաւ ստիպել

վերոյիշեալ խորհուրդը փոփոխելու ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը` աւելի քան

11 հազար ստորագրութիւն հաւաքելէ ետք, յատկապէս Թուրքիայէն: Իսկապէս, Անգարայի

կառավարութիւնը եւ Թորոնթոյի մէջ անոր թրքական կամակատարները վերջին եօթը

տարիներուն ընթացքին դիմած են կարելի բոլոր միջոցներուն` ուսումնական ծրագիրը

խափանելու համար:

Page 2: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6

Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 6 /Հ էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Ստորեւ մէջբերուած են Թորոնթոյի Շրջանային դպրոցական խորհուրդի ցեղասպանու-

թեան ուսումնական ծրագիրին դէմ թրքական դիմումնագիրով ներկայացուած անհիմն

բողոքները` անոնց յաջորդող իմ հերքումներովս.

– Թրքական դիմումնագիր . «Իբրեւ Թորոնթոյի դպրոցներ յաճախող աշակերտներու թրքախօս ծնողներ, մենք խորապէս մտահոգուած ենք “Հայոց Ցեղասպանութեան”

վերաբերեալ ներկայի ուսումնական ծրագիրին եւ 2008 թուականէն Թորոնթոյի

Շրջանային դպրոցական խորհուրդին կողմէ ընդունուած ուսումնական նիւթին

բացասական ազդեցութեամբ”:

Իմ պատասխանս. Թորոնթոյի դպրոցներուն մէջ ՈՉ մէկ բռնութիւն կամ ճնշում

կիրարկուած է թուրք ոեւէ աշակերտի նկատմամբ, հակառակ անոր որ ցեղասպանութեան

ուսումնական ծրագիրը քանի մը տարիէ կը դասաւանդուի: Պատճառը այն է, որ հայերը

այսօրուան անհատ թուրքերը պատասխանատու չեն նկատեր այն

ոճրագործութիւններուն, որոնք Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ

գործադրուած են գրեթէ 100 տարի առաջ, բացառութեամբ անոնց, որոնք

ժխտողականութեամբ իրենք զիրենք կը շաղկապեն այդ ոճիրներուն հետ: Միւս կողմէ,

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը,

պատասխանատուութիւն կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակուող

հետեւանքներուն համար: Ցեղասպանութեան փաստերու ժխտումը շատ աւելի լուրջ եւ

բացասական հոգեբանական ազդեցութիւն ունի հայերուն վրայ, քան ուսումնական

ծրագիրին մէջ անոր ընդգրկումը` թուրքերուն վրայ: Աւելին, ճշմարտութիւնը կարելի չէ

ծածկել միայն այն պատճառով, որ անիկա չվիրաւորէ զգացումները անոնց, որոնք կ’ուզեն

քօղարկել պատմական իրողութիւնները: Կարելի՞ է արդեօք պաշտպանել Հրէական

ողջակիզումի ջնջումը պատմութեան դասագիրքերէն` ժամանակակից գերմանացիները

չվիրաւորելու համար:

– Թրքական դիմումնագիր. “Հայերու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասագիրքը եւ այլ գիրքեր, ինչպիսին է Պարպարա Քոլորոսոյի “Արտասովոր չարիքը”, անընդհատ կը

վարկաբեկեն համայնքի մը պատմական տուեալները` միւսներուն հաշուոյն եւ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան Թորոնթոյի դպրոցներու թրքական

ժառանգութեամբ աշակերտներուն վրայ”:

Իմ պատասխանս. Չի կրնար երկու տարբերակ կամ երկու վարկած ըլլալ Հայոց

Ցեղասպանութեան ապացուցուած փաստերուն վերաբերեալ: Կայ միայն մէկ

ճշմարտութիւն:

Page 3: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6

Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 6/Հ էջ 3

– Թրքական դիմումնագիր. “Մենք խորապէս համոզուած ենք,

որ փոխադարձ յարգանքի, փոխըմբռնման եւ խաղաղ

գոյակցութեան արժէքները կրնան ձեռք բերուիլ պատմութեան

մասին ազնիւ եւ բաց երկխօսութեան միջոցով: Աւելին, արդար

եւ անաչառ ուսուցումը հիմնուած պիտի ըլլայ պատմական

փաստերու, եւ ոչ թէ միայն ընտրեալ համայնքներու պատումներուն վրայ` անտեսելով միւսները: Պէտք է նաեւ նշել, թէ այս պատմական պնդումներէն որեւէ մէկուն վերաբերեալ դատավճիռ գոյութիւն չունի, իսկ պատմաբաններուն կարծիք-ները կը տարբերին այս իրադարձութիւններու մանրամասնու-թիւններուն եւ սահմանումներուն առնչութեամբ”:

Իմ պատասխանս. “Փոխադարձ յարգանքը, փոխըմբռնումը եւ

խաղաղ գոյակցութիւնը” չեն կրնար ձեռք բերուիլ խեղա-

թիւրումներու եւ կեղծիքներու միջոցով: Միայն ճշմարտութիւնը

ընդունելէ եւ համապատասխան հատուցում տալէ ետք Քանա-

տայի թուրքերը կրնան խօսիլ նման վեհ գաղափարներու

մասին: Բացի ատկէ, հակառակ թրքական պնդումներուն, կայ

քանի մը դատավճիռ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ,

սկսեալ 1919 թուականի թրքական ռազմական դատարան-

ներու վճիռներէն մինչեւ արժանթինեան, զուիցերական եւ

ամերիկեան դատարաններու վճիռները: Ուշագրաւ է, որ ՄԱԿ-

ի խտրականութեան կանխարգելման եւ փոքրամասնութիւն-

ներու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը 1985 թուա-

կանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին զեկոյց

ընդունած է: Իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան համար ամէնէն

ճիշդ ատեանը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնն է,

քանի որ Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը ՄԱԿ-ի

փաստաթուղթ է:

Ամփոփելով նշենք, թէ թրքական այս վերջին դիմումնագիրը

դատապարտուած է լիակատար ձախողութեան, քանի որ անոր

նախաձեռնողը` Քանատայի թրքական միութիւններու

դաշնութիւնը, առայժմ հաւաքած է 2000-էն ալ նուազ

ստորագրութիւն, մինչ իրենք կը պնդեն, թէ Քանատայի մէջ

ունին 200,000 անդամ: Հետաքրքրական է, որ

ստորագրողներուն մեծ մասը ոչ թէ Քանատայէն է, այլ

Թուրքիայէն, ուր դիմումնագիրը լայնօրէն տարածուած է

կայքերուն վրայ:

Քանատայի թուրքերուն համար աւելի արժէքաւոր

նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ այլ դիմումնագիրի մը

ձեռնարկելը, կոչ ուղղելով թրքական կառավարութեան`

ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ

փոխհատուցում կատարելու այս հրէշաւոր ոճրագործութեան

զոհերու ժառանգորդներուն՝ Ցեղասպանութեան

հարիւրամեակին առիթով:

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 8

Թորոնթոյի Շրջանային

Դպրոցական Խորհուրդի

կեդրոնատեղին

Պարպարա Քոլորոսօ

ներու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը 1985 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան

ճանաչման մասին զեկոյց ընդունած է: Իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան համար ամէնէն ճիշդ

ատեանը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնն է, քանի որ Ցեղասպանութեան

համաձայնագիրը ՄԱԿ-ի փաստաթուղթ է:

Ամփոփելով նշենք, թէ թրքական այս վերջին դիմումնագիրը դատապարտուած է լիակատար

ձախողութեան, քանի որ անոր նախաձեռնողը` Քանատայի թրքական միութիւններու

դաշնութիւնը, առայժմ հաւաքած է 2000-էն ալ նուազ ստորագրութիւն, մինչ իրենք կը պնդեն, թէ

Քանատայի մէջ ունին 200,000 անդամ: Հետաքրքրական է, որ ստորագրողներուն մեծ մասը ոչ

թէ Քանատայէն է, այլ Թուրքիայէն, ուր դիմումնագիրը լայնօրէն տարածուած է կայքերուն վրայ:

Քանատայի թուրքերուն համար աւելի արժէքաւոր նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ այլ

դիմումնագիրի մը ձեռնարկելը, կոչ ուղղելով թրքական կառավարութեան` ճանչնալու Հայոց

Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ փոխհատուցում կատարելու այս հրէշաւոր ոճրագործութեան

զոհերու ժառանգորդներուն՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:

www.facebook.com/RAGmamoul

Page 4: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Friday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Ուրբաթ օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 5: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/01/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 6: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6
Page 7: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6
Page 8: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6
Page 9: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6
Page 10: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6
Page 11: Monday 20 01 14, volume # 9, issue # 6

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]