è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Մահուան 33-րդ Տարելից Մեծ Երազի Առաջնորդ՝ Ընկեր Գերսամ Ահարոնեանի ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Երախտաւոր Գերսամ Ահարոնեան կը պատկանի սփիւռքահայ այն սերունդին, որուն ուսին դրուեցաւ սփիւռքահայութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան եղաւ եզակի այն առաջնորդը, որ եզակի արթնութեամբ մը արժեւորեց ու նոր կերպարանք տուաւ մեր ազգային հարցին: Որպէս երկարամեայ դաստիարակ, ան գիտցաւ ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ ոգեւորել իրերայաջորդ սփիւռքահայ սերունդները ու անոնց սորվեցուց ծառայել հայ ժողովուրդի արդար դատին, իր դաւանած գաղափարախօսութեան միջոցաւ ու աւելին՝ այդ սերունդները քաջալերեց Մեծ Երազի Ճամբէն քալելու: Գերսամ Ահարոնեան ծնած էր 1916 Նոյեմբեր 16-ին, զէյթունցի ծնողներէ, Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքը: Ֆրանսացիներու Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով, հայրը իր ընտանիքը կը տեղափոխէ Ատանա, սակայն հոն ալ անապահով զգալով, հայ կամաւորներու միջոցաւ երկու տարուան համար կ’ապաստանի Ալեքսանտրէթ, ուր հայկական գաղութ մը սկսած էր կազմաւորուիլ: 1922-ին ամբողջ ընտանեկան պարագաներով կը հաստատուի Հալէպ: Աւետարանական զէյթունցի ընտանիքի վեց տարեկան մանչ զաւակը՝ Գերսամ, իր դպրոցական առաջին կրթութիւնը կը ստանայ Բեթէլ վարժարանին մէջ: Ապա 1929-ին երկրորդական ուսման համար կը յաճախէ Ալեփփօ Գոլէճ ու անոր ուսումնական շրջանը յաջողութեամբ կ’աւարտէ 1935 թուականին: Տեսարան Սայեաթ Նովա
RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.
Welcome message from author
This document is posted to help you gain knowledge. Please leave a comment to let me know what you think about it! Share it to your friends and learn new things together.
մասնագիտացման համար: Դասախօս որպէս կը հրաւիրուի Գերսամ Ահարոնեան
հայկական հարցի արդի զարգացումներուն շուրջ դասաւանդելու:
Գերսամ Ահարոնեանի քառորդ դարու ծառայութիւնը, անկասկած զինք դարձուցած էր
փնտռուած խմբագիրը, դաստիարակը, հրապարակախօսը ու հայրենասէր առաջնորդը
Սփիւռքի մէջ, իսկ աւելին, ան բազմիցս հրաւէր կը ստանար հայրենիքէն, այցելելու որպէս
սփիւռքահայ ղեկավար, արժանանալով հայրենի պետութեան անվերապահ
ընդունելութեան:
Ժամանակի հետ քայլ կը պահէր ան, ու յաճախ կը սիրէր իր մօտ հաւաքել երիտասարդ
մտաւորականներ ու համալսարանականներ՝ քաջալերելով զանոնք մաս կազմելու
ազգային ու հասարակական գործունէութեանց:
* * *
Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 7
1968-ին հայրենիք կը հրաւիրուի՝ մաս կազմելու
Երեւան-Էրեբունիի 2750-ամեակի տօնակատարու-
թեանց, որպէս սփիւռքահայ քաղաքական առաջնորդ:
Յաջորդ տարին, 1969-ին, Նիւ Եորքի Ամերիկեան
Միջազգային Ակադեմիան իրեն կը շնորհէ «Պատուոյ
Տոքթոր»ի վկայականը ու առաջին կարգի շքանշանը,
առ ի գնահատութիւն իր հրապարակագրական,
հասարակական ու կրթական բեղուն գործունէութեան:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, իր հիմնադ-
րութեան առաջին օրերէն ի վեր, սեփականատէրն էր
Ճըմմէյզի թաղամասին մէջ նախագահական նախկին
պալատին: Հիմնադիրներու մարմնի որոշումով այդ
կալուածին տեղ պիտի բարձրանար բազմայարկ
կառոյց մը, բաւարարելու համար ՌԱԿ-ի շրջանակը,
«Զարթօնք» օրաթերթը, «Շիրակ» ամսագիրը, Թէքէեան
Մշակուաթային Միութիւնը ու առօրեայ կամ
ժողովրդային հաւաքներու համար պէտք եղած
սրահները: Այս ծրագրի իրականացման համար
որոշուած էր հանգանակել հսկայական գումար:
Հիմնադիրներու Մարմինը հանգանակութեան այս
ծրագիրը կը վստահի Գերսամ Ահարոնեանին ու ան կը
ծրագրէ շրջիլ սփիւռքահայ զանազան գաղութներ,
ներառեալ Միացեալ Նահանգներու զոյգ շրջանակները՝
երկու տարբեր առիթներով: 1971-ին կ’աւարտի
«Թէքէեան» նոր կեդրոնի շինութիւնը շնորհիւ Գերսամի
ու իր գործակից ընկերներու զոհաբերութեան: Նոյն
տարուան Նոյեմբերին տեղի կ’ունենայ նորակառոյց
Կեդրոնի պաշտօնական բացումը, ի ներկայութեան
Սփիւռքի զանազան գաղութներէ ժամանած
թէքէեանական հիւրերու:
Բացման այս ծրագրի նոյն շաբաթավերջին տեղի
կ’ունենայ ՌԱԿ-ի 50-ամեակի տօնակատարութիւնը՝
Պէյրութի մեծագոյն հանդիսասրահներէն մէկուն մէջ,
պետական բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեան:
Այդ առիթով հայրենիքէն հրաւիրուած էր ՌԱԿ-ի
անզուգական հերոս Արմենակ Եկարեանի որդին՝
Գուրգէնը, ներկայ գտնուելու իր հօր դաւանած
կուսակցութեան ոսկեայ յոբելեանին:
Պարոյր Սեւակի եւ Սիլվա
Կապուտիկեանի հետ՝ 1962-ին, Երեւան
Վարպետին՝ Մարտիրոս Սարեանի հետ՝
1968-ին՝ Երեւան
Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 8
Այդ առիթով հայրենիքէն հրաւիրուած էր ՌԱԿ-ի անզուգական հերոս Արմենակ Եկարեանի
որդին՝ Գուրգէնը, ներկայ գտնուելու իր հօր դաւանած կուսակցութեան ոսկեայ յոբելեանին:
Գերսամ Ահարոնեան այդ օր հանդէս կու գայ որպէս տօնակատարութեան գլխաւոր
պատգամախօսը:
Այս հանգրուանին նոր էջ մը բացուած էր իր հասարակական տօնակատարութեան մէջ: 1972
Յուլիսին ան կը ստանձնէ ատենապետութիւնը ՌԱԿ-ի Լիբանանի եւ Սուրիոյ Շրջանային
Վարչութեան, ու նորակառոյց կեդրոնէն ներս կը ծաւալի երիտասարդական ու
հասարակական բեղուն գործունէութիւն:
Լիբանանի քաղաքական կեանքն ալ այս շրջանին ստացած էր նոր դիմագիծ մը: Ընկեր
Գերսամ Ահարոնեանի գլխաւորած Շրջանային Վարչութեան կազմը սկսած էր ծաւալել
քաղաքական յարաբերութիւններ տեղական հոսանքներու հետ, պատրաստուելու Լիբանանի
մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Բայց կարծէք 1958 թուականը բաւարար չէր Լիբանանի կայուն ու անդորր կեանքը
խանգարելու, 1975 թուականին ծայր կու տան քաղաքացիական բախումներ, որոնք
անտարակոյս իրենց անդրադարձը կ’ունենան լիբանանահայ գաղութի բեղուն եռուզեռին
վրայ:
Բայց հեռատեսի փորձառութիւնը չպակսող Գերսամ Ահարոնեանին կարելի կը դառնայ հայ
քաղաքական հոսանքներու միջեւ գոյացնել ներքին համաձայնութիւն մը, որուն շնորհիւ
յետագային կարելի պիտի դառնար հայութիւնը հեռու պահել արիւնահեղութենէ եւ որուն
որպէս արդիւնք հայ ազգային կուսակցութեանց կազմակերպութեամբ կը նշուի
ցեղասպանութեան 60-ամեակը, Լիբանանի մէջ, շուրջ 100,000 հայրենակիցներու
մասնակցութեամբ:
Լիբանանի մէջ շարունակուող եղբայրասպան կռիւները պատճառ կը դառնան, որ
լիբանանահայութեան տեղաշարժը սկսի: Հայութիւնը պիտի որոնէր նոր գաղութներ
Լիբանանէն ակամայ հրաժեշտ առնելով:
1976-ի աշնան կարելի կը դառնայ յարաբերական խաղաղութիւն մը հաստատել Լիբանանի
տարածքին, ու հայ գաղութի կեանքն ալ կը վերագտնէ իր եռուզեռը, բայց ոչ այնքան փայլուն՝
ինչպէս անցնող տասնամեակին:
Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 9
Հակառակ տիրող անորոշութեան, ընկեր Ահարոնեան կը շարունակէր անխափան
հրատարակութիւնը «Զարթօնք» օրաթերթին, բայց Ահարոնեանի կողքին բացակայ էր
խմբագիր՝ Թօփալեանը, որ Լիբանանէն հեռանալով հաստատուած էր Փարիզ:
1977-էն սկսեալ «Զարթօնք»ի խմբագրական կազմին միացած էր Յակոբ Աւետիքեանը, որ
եղած էր Ահարոնեանի աշակերտը Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմարկէն ներս: Հետզհետէ
«Զարթօնք» օրաթերթի էջերէն ի յայտ կու գան նոր անուններ. որոնցմէ կարելի է նշել Պարոյր
Աղպաշեանը, Սահակ Միքայէլեանը եւ Վաչէ Ղազարեանը, որոնց յաճախակի
ստորագրութիւնները նոր դիմագիծ մը կու տան Ահարոնեանի խմբագրապետութեան ներքեւ
լոյս տեսնող 40-ամեայ օրաթերթին:
Տարիքի ու առողջութեան պատճառաւ Գերսամ Ահարոնեան սկսած էր նուազեցնել իր
հասարակական կեանքի պարտաւորութիւնները, որոնք 30 յաջորդական տարիներ կլանած
էին իր ազգային անշահախնդիր ծառայութեան նուիրուած ժամանակը:
Լիբանանահայ գաղութը, երկրին անապահով վիճակին պատճառով, 1975-ի դէպքերէն
ասդին տակաւին չէր գտած իր անցեալի բարգաւաճ օրերը, սակայն այս բոլորը լուրջ
ազդեցութիւն պիտի չունենային «Զարթօնք» օրաթերթին միացող մտաւորական ընկերներուն
վրայ, որոնք ամէն ճիգ ի սպաս կը դնէին օրաթերթի հրատարակութեան ի խնդիր:
Գերսամ Ահարոնեանի վատթարացող առողջութիւնը ընկճած էր կաղնիի պէս հաստատուն
առողջութիւն ունեցող Մեծ Երազի Առաջնորդը: 1980-ի Նոյեմբերին հայրենիք կը մեկնի
վերջին անգամ, ներկայ գտնուելու սփիւռքահայ մտաւորականներու հաւաքին, նուիրուած
Խորհրդային Հայաստանի 60-ամեակին:
Վերջինը եղաւ իր հայրենիք այցելութիւնը, որովհետեւ շատ չանցած, Յունուար 19, 1981-ին
Գերսամ Ահարոնեան աչքերը յաւիտեան կը փակէ Պէյրութի մէջ, իր աննկուն առողջութիւնը
չկարենալով վերագտնել:
Կորուստը մեծ եղաւ զինք ճանչցողներուն համար, իր գործակիցներուն, իր աշակերտներուն:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան մէջ անկասկած իր իւրայատուկ
տեղը պիտի ունենայ անզուգական առաջնորդը, որ գիտցաւ առաջնորդել ու դաստիարակել
սփիւռքահայ սերունդները՝ հայրենասիրութեան վեհ դաստիարակութեամբ, ու սորվեցուց
անոնց ծառայել անշահախնդրօրէն հայոց անժամանցելի դատին:
* * *
Գերսամ Ահարոնեանի անունը յաւերժացնելու համար, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութեան որոշումով, կը կազմուի ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲը, որուն
հիմնադիր կազմի անդամները եղած էին ընկեր Գերսամի երբեմնի աշակերտները: ՌԱԿ
Ահարոնեան Ակումբը կը ստանձնէ ընկեր Գերսամի՝ «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» գիրքին Գ.
հրատարակութիւնը՝ 1986-ին:
1997-ին Գանատայի Օթթաուա քաղաքի փոքրաթիւ գաղութէն ներս կը կազմուի երկրորդ
Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 10
* * *
Գերսամ Ահարոնեանի անունը յաւերժացնելու համար,
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային
Վարչութեան որոշումով, կը կազմուի ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ԱԿՈՒՄԲը, որուն հիմնադիր կազմի անդամները եղած
էին ընկեր Գերսամի երբեմնի աշակերտները: ՌԱԿ
Ահարոնեան Ակումբը կը ստանձնէ ընկեր Գերսամի՝
«Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» գիրքին Գ.
հրատարակութիւնը՝ 1986-ին:
1997-ին Գանատայի Օթթաուա քաղաքի փոքրաթիւ
գաղութէն ներս կը կազմուի երկրորդ Ահարոնեան
Ակումբ մը, մեծ առաջնորդին անունը դարձեալ
յաւերժացնելու համար:
Լոս Անճելըս, ԱՄՆ
Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 11
Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 12
Letters to the Editor
Սիրելի ՌԱԿ եւ ՌԱԿ մամուլ,
Նոր Տարուայ եւ Սրբ. Ծնունդի զոյգ տօներու առիթով, կու գամ իմ ջերմագին մաղթանքս
հղելու Կուսակցութեան ու անոր մամուլին, մաղթելով վերելք, վերածնունդ եւ կանաչ ճանապարհ։ Արեւշատ օրերը թող բազմապատկուին, գաղաբարը մնա վեհ եւ անխափան։ Առաջ ընթանանք հիմնադիրներու տեսլականով եւ հասնինք բարձունքին։
Ընկերական ջերմ ողջոյնով,
Աւետիս Տիպան
Երեւան- Հայաստանի Հանրապետութիւն
In response to your Yerevan Municipality Luxuries article published on Thursday 16/01/2014
Your question whether why the budget of repaving of a street in Yerevan should not be spent on rural
roads in poor condition of Armenia.
The answer is as follows: Each Municipality has a boundary and a budget. The elected governance
administers and allocates funds for the well being of its residents including Public Works, Education etc.
State highways are within federal jurisdiction, that connect each province or Marz and the municipalities
within them. One Municipality may choose to prioritize one issue over the other, this how each region in
the civilized world stand out in one area than one other.
In the case of Armenia sadly, all priorities cater one and the only Pyramid, that is the reproduction of the
Republican Government at all these three levels, at all costs.
Should this utmost priority be revised, all Federal, Regional and Municipal issues fall into focus
and normalcy.
Harry Mardirossian, Architect
Toronto, Canada
Hello Rag Mamoul,
Thank you for the article by Mr Jebejian about Hovep-in
Yeraz-ue. It was heartwarming.
Arpi Sarian
Massachusetts, USA
Letters to the Editor
I read Sevag Hagopian's article in your paper no. 245 on December 27, 2013 regarding the job market in
Lebanon and how new graduates cannot find jobs in their field (or other fields). This situation causes
students to either go back to school to increase their educational credentials or emigrate to find new
positions outside of Lebanon.
First of all, the situation in Lebanon is not unique. If you read economic news articles from Europe, North
and South America, China, India, and Russia, they all point to a common situation - that is of high
unemployment rates. Excluding some oil producing countries, who are sitting on vast free oil reserves,
most countries have to face this new global challenge for a long time yet to come. Briefly, please refer
back to president Regan's and Margarte Tachers reign from 1979 on, when every reasonable economic
policy in history was sent to the trash bin. Instead, the US government introduced fictional and imaginary
economic laws, which made the situation at the time even worse. As if this was not enough, new powers
came to the fore - China emerged with vast amounts of low wage workers (in billions), then came India
with the same amount of cheap labour, and a decade later when Communism was gone for good, another
few million low wage workers entered themarketplace. Political leaders hencefoth began to seek the
advice of their so-called economic advisors in order to create employment for all the new low wage
workers. The solution (albeit one that would prove to be horribly wrong in years to come) was to give
away cheap money/credit and construction permits to basically anyone with a pulse. And so, an age of
"Economic Charlatanism" began with vengeance. Though new inventions came to dominate human lives,
in the shape of computers and cellular phones, and created new positions for skilled workers, the
unskilled workers were not in a good position. For instance, car manufacturers laid off hundreds of
thousands of employees, leaving unskilled workers reliant on cheap credit in order to be able to buy
houses and live a decent life. I assume Mr. Hagopian can now see that the situation I describe cannot go
on forever. In any economy, when you create one job by destroying three, eventually those getting laid
off can no longer afford to pay the mortgage on their new-bought house. These individuals are added to
army of unemployed people, on top of the vast army of young Chinese and Indian individuals who are
waiting in line for employment.
In response, dear Sevag, suggesting a solution in this situation is very difficult, but I can narrow it down
to two solutions that I think are plausible. The first would be having these individuals immigrate to oil-
rich countries or countries in Africa, where working opportunities are greater. This would be better than
moving to other countries that I mentioned in the article, where employment opportunities are rare even
for their own highly educated youth. The second solution would be to establish a base in Armenia and
essentially start from scratch. Armenia is not a developed country, but unlike many European and
countries, it has all sorts of opportunity for development – as long as the power-hungry and uneducated
elite who run the current government are kicked out of office and replaced with educated and selfless
politicians.
Sako Tilimian
Toronto, Canada
Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 13
We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Friday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.
ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել
աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու
յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ
ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,
բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:
Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը
հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու
հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:
Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ
հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ
բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր
գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են
ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝
Հայկականութեան:
Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian