Top Banner
ԵՍ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ԳՐԵՄ... Գրութիւններ մեր վարժարանի երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտներէն Թորոնթօ, 2013
20

Ես հայերէն կը գրեմ...

Mar 09, 2016

Download

Documents

Rupen Janbazian

Գրութիւններ Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտներէն:
Welcome message from author
This document is posted to help you gain knowledge. Please leave a comment to let me know what you think about it! Share it to your friends and learn new things together.
Transcript
Page 1: Ես հայերէն կը գրեմ...

ԵՍ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ԳՐԵՄ...

Գրութիւններ մեր վարժարանի երկրորդ եւ երրորդ դասարանի

աշակերտներէն

Թորոնթօ, 2013

Page 2: Ես հայերէն կը գրեմ...

1

«Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,

Այս լուսնի տակ ո՜ւր էլ գնաս,

Թէ մօ՛րդ անգամ մտքից հանես,

Քո մա՜յր լեզուն չմոռանաս:»

-Ս. Կապուտիկեան

Page 3: Ես հայերէն կը գրեմ...

2

Երկու խօսք

Այս գրքոյկի հրատարակութեան գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ խօսակցութեան մը ընթացքին իմ

շատ սիրելի ընկերոջ, գործակից եւ Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի փոխ-տնօրէն՝ պրն. Րաֆֆի

Սարգիսեանի հետ: Վարժարանի ուսուցչարանին մէջ կը զրուցէինք թէ ինչպէ՞ս կարելի է Հայերէն

գրելն ու կարդալը առաւել եւս քաջալերել մեր աշակերտներուն մէջ, որպէսզի ան աւելի

գործածական դարձնենք, ոչ թէ ի հակադրութիւն Անգլերէնի, այլ համարժէք եւ համազօր

բարձրութեան վրայ պահելով զայն: Զանազան տարբեր գաղափարներ կիսելէ ետք, մտածեցինք թէ

հաւանաբար, Հայերէնի գործածութեան թափ տալու լաւագոյն ձեւը, մեր աշակերտներուն ցոյց տալն

է թէ միայն դասարանային չէ մեր մայրենի լեզուն՝ այլ նաեւ հարկ է գործածել զայն դպրոցէն դուրս:

Ծանօթանանք թէ ինչպէս կը ծաւալենք մեր ընթացիկ աշխատանքները երկրորդ եւ երրորդ

դասարանի Օրագրութեան շաբաթօրեայ դասապահերու ընթացքին: Աշակերտներուն կը

տրամադրուի մասնաւոր նիւթ մը, որուն շուրջ միասնաբար կը զրուցենք: Գաղափարներ

փոխանակելէ ետք, աշակերտները գործի կը լծուին ու իրենց միտքերը գրի կ՛առնեն իրենց յատուկ

օրատետրերուն մէջ, որոնք լոյս կը տեսնեն այս հրատարակութեան մէջ:

Աշակերտները իրենց գրութիւնները հրատարակուած տեսնելով այս գրքոյկին մէջ, պիտի զգան թէ

իրենց աշխատանքները ապարդիւն չեն եւ դասարանի մէջ չեն սահմանափակուած միայն. այլ

անոնք կը կիրարկուին իրենց կեանքերուն մէջ, այդ ըլլայ պարզ ընկերական շփումներու ընթացքին

կամ ցանկացած այլ բնագաւառներուն մէջ: Բոլորս կը հաւատանք եւ համոզուած ենք որ Հայկական

դպրոցի մէջ ստացուած բոլոր գիտելիքները կը հարստացնեն մեր աշակերտները, թէ իբրեւ մարդ եւ

թէ իբրեւ Հայ. անոնք կը ձգեն իրենց դրական ու կենսական ազդեցութիւնը ազգային

դաստիարակութեան գործընթացին մէջ: Անշուշտ, Հայերէնի գործածութիւնը քաջալերելու այս

առաքելութիւնը անկարելի պիտի ըլլար առանց ընտանիքի աշխուժ ներդրումին: Հայը կը գոյատեւէ

իբրեւ հայ միայն դաստիարակուելով հայաշունչ եւ հայախօս միջավայրի եւ մթնոլորտի մէջ:

Հայութեան գոյութիւնը ապահովող գլխաւոր ազդակներէն ամենէ կարեւորը կը հանդիսանայ հայ

լեզուն, որուն միջոցով կը պաշտպանուի հայոց գրականութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային

ինքնութիւնը: Եւ եթէ սփիւռքի մէջ կ՛ուզենք գոյատեւել իբրեւ հայ, հարկ է անդրադառնալ թէ

գլխաւորաբար մեր լեզուն պահպանելով պիտի ըլլայ այդ մէկը:

Ուրեմն այսպիսով, հաւատանք մեր առաքելութեան, ըլլանք հետեւողական եւ ցուցաբերենք մեծ

կամք այս սուրբ գործին համար:

Բարի վայելում...

Մեծ հաճոյքով եւ անվերջ սիրով՝

Ռուբէն Ճանպազեան

Ուսուցիչ

Page 4: Ես հայերէն կը գրեմ...

3

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ ես Հայկական վարժարան կը յաճախեմ: Եթէ Հայերէն չի խօսինք, մեր

լեզուն պիտի կորսուի եւ ոչնչանայ: Անոր համար ես Հայկական վարժարան կը յաճախեմ եւ Հայերէն կը

խօսիմ:

- Անուշ Յարութիւնեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ Վարդան Մամիկոնեանը կռուեցաւ մեզի համար որ հայ մնանք: Ես

շատ կը սիրեմ Հայաստանը եւ ես հպարտ եմ որ հայրենիք ունինք: Հպարտ եմ որ Հայկական դպրոց

ունինք:

- Ալէքս Օզթուրնայեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ շատ մը նշանաւոր հերոսներ ունինք. Օրինակ՝ Հայկ Նահապետը,

Շարան, Մեսրոպ Մաշտոցը եւ ուրիշներ: Մենք միշտ Հայերէն պէտք է խօսինք որովհետեւ կարեւոր է հայ

լեզուն պահել:

- Կարէն Տէմիրճեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ հայերը շատ հերոսներ եւ տօներ ունին: Իմ հայրենիքս Հայաստանն է:

Ես կ՛ուզեմ տեսնել Հայաստանի Սեւանա լիճը, Արագած լեռը եւ Երեւան մայրաքաղաքը: Ես շատ հպարտ

եմ որ հայրենիք ունիմ:

- Սոֆիա Ալէքսանեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ Հայերէն կը խօսիմ եւ Հայկական վարժարան կը յաճախեմ: Մենք

այստեղ Հայերէն կը սորվինք, որովհետեւ տակաւին ունինք մեր հայ լեզուն: Քաջ Վարդանն ու իր

զինուորները նահատակուեցան որպէսզի մենք մեր լեզուն ու կրօնքը պահենք: Վարդան մեռաւ, բայց

հայերը յաղթեցին, որովհետեւ դեռ կանք:

- Նարեկ Չիլինկիրեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ իմ լեզուն հայրենիքի լեզուն է: Իմ դպրոցս է՝ Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ

Վարժարանը ուր կը սորվինք մեր լեզուն՝ Հայերէնը: Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ ան Հայկական

վարժարան է:

- Յարութ Քէպապճեան, 2-րդ Ա. դասարան

Page 5: Ես հայերէն կը գրեմ...

4

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ Հայերէն կը սորվիմ եւ կը խօսիմ, Քրիստոնեայ եմ եւ Յիսուսի կը

հաւատամ եւ Վարդանանց տօնը շատ կը սիրեմ: Հպարտ եմ որ Վարդան Մամիկոնեան նահատակուեցաւ

մեզի համար:

- Նանսի Սապունճեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ մեր լեզուն դեռ ողջ է եւ կ՛ապրի: Երբ որ պատերազմ եղած է , միշտ

յաղթած են հայերը: Ես հպարտ եմ նաեւ որ ունինք Հայաստանը: Թէեւ Քաջ Վարդան մեռաւ, բայց մենք

Հայերէն լեզուն չենք մոռնար:

- Ալանա Վայս, 2-րդ Բ. դասարան

Ես հպարտ եմ որ հայ եմ, որովհետեւ Քրիստոնեայ ենք, բոլոր հայերը Աստուծոյ կը հաւատան եւ

կ՛աղօթեն, եւ Արարատ լեռը մերն է: Հայերը լաւ մարզիկներ կ՛ըլլան. Կ՛ըլլան մաքուր, քաջ, զօրաւոր , եւ

խաղաղ: Մեր պատմութեան մէջ, Քաջ Վարդան Մամիկոնեանն ու Հայկ Նահապետը ամենէն զօրաւոր

քաջ հայերն են:

- Տանիէլ Սորհունճու, 3-րդ Բ. դասարան

Հայ եմ եւ հպարտ, որովհետեւ զօրաւոր ենք, լաւ բանակ ունինք, քաջ ենք, մեր հողերը լաւ կը

պաշտպանենք, մեր լեզուն գիտենք եւ կը գործածենք, Քրիստոնեայ ենք եւ խելացի ենք: Մեր լեզուն

հարուստ է, եւ մեր երկիրը՝ գեղեցիկ: Մենք մեր երկիրը, Հայաստանը կը պաշտպանենք, որ երբ մենք հոն

օր մը երթանք, լաւ կեանք ունենանք:

- Բէնէլլա Գոնստաս, 3-րդ Բ. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ, որովհետեւ մենք աշխարհի ամենամաքուր երկիրը ունինք: Մեր նախահայրերը

մեզի եւ մեր հայրենիքին համար կռուեցան, որպէսզի հայ մնանք, իսկ Քաջ Վարդան Մամիկոնեան

կռուեցաւ որպէսզի Քրիստոնեայ մնանք: Եթէ անոնք չկռուէին մեզի համար, մենք հայ չէինք ըլլար, երկիր

չէինք ունենար ու օտար կ՛ըլլայինք: Ես հպարտ եմ որ հայ եմ եւ հպարտ եմ որ կը շարունակեմ հայ ըլլալ:

- Վերոնիք Այնէճեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ որովհետեւ իմ հայ քաջերը մեզի համար նահատակուեցան: Հպարտ եմ որ

Հայաստան ծնած եմ եւ գիտեմ որ ամէն օր, ամէն ժամ Հայերէն պէտք է խօսինք, եւ մեր երկիրը միշտ

պէտք է սիրենք: Ես նաեւ գիտեմ բոլոր մեր հերոսներուն անունները եւ անոնց շատ կը սիրեմ:

- Էմիլ Մանուկեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես հպարտ հայ մըն եմ որովհետեւ հը հաւատանք Աստուծոյ եւ Յիսուսին եւ որովհետեւ ունինք հերոսներ,

ինչպէս Քաջ Վարդան Մամիկոնեանը: Նաեւ ունինք համով ճաշեր, լաւ դպրոց ու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ

եւ հայրենիք:

- Արեգ Սարմազեան, 2-րդ Բ. դասարան

Page 6: Ես հայերէն կը գրեմ...

5

Երբ Հալաուին է, ես իմ տարազս կը հագուիմ եւ կ՛երթամ տունէ տուն: Երբ «Trick or treat» ըսեմ, ինծի

շաքարներ կու տան դրացիներս: Երբ հաւաքեմ բոլոր շաքարներս, անոնք կ՛ուտեմ իմ ընկերներուս հետ:

Նաեւ կը սիրեմ երբ մարդիկ դդումները սղոցելով կը զարդարեն ու վախնալիք նշաններ կը դնեն: Շա՜տ կը

սիրեմ Հալաուինը:

- Յակոբ Գրիգորեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես Հալաուինը շատ կը սիրեմ, որովհետեւ «Trick or treat» ընելը եւ տարազ հագուիլը շատ հաճելի են:

Շատ կը սիրեմ շաքար հաւաքել եւ ընկերներուս վախցնել Հալաուինի օրը: Իմ սիրած տարազը ծովահէնի

հագուստն է, որովհետեւ նաւերու մէջ, սուրերով կը վախցնեն ժողովուրդը: Ես շատ կը սիրեմ

Հալաուինը...Իմ ամենասիրած տօներէն մէկն է:

- Վարուժան Խաչիկեան, 3-րդ Ա. դասարան

Արամին ութերորդ Հալաուինն էր, ու այս տարի ան հագուեցաւ գայլի տարազ: Առէն հագուեցաւ գորտի

տարազ: Անոնք տունէն ելան իրենց պայուսակներով: Արամին պայուսակը այնքա՜ն լեցուն ու ծանր էր, որ

պատռուեցաւ եւ բոլոր շաքարները դուրս թափեցան:

-Ի՜ւֆ...տասը ժամ տեւեց այսքան շաքար հաւաքելը:- ըսաւ Արամ: -Տուր քու շաքարներդ:-

-Ես բան մը չուիմ...դուն բոլոր շաքարներս կերար:- ըսաւ Առէնը, ցոյց տալով իր պարապ պայուսակը:

- Լեւոն Դաւիթեան, 3-րդ Ա. դասարան

Սուրբ Զատիկը Քրիստոսի յարութեան տօնն է: Յարութիւն կը նշանակէ երկինք բարձրանալ: Մենք կը

տօնենք Սուրբ Զատիկը որովհետեւ կ՛ուզենք յիշել Յիսուսի յարութիւնը: Մենք կը տօնենք Զատիկը

հետեւեալ ձեւերով՝ եկեղեցի կ՛երթանք, ընտանիքով կը հաւաքուինք եւ հաւկթախաղ կը խաղանք: Այս

տարի, Սուրբ Զատիկը տօնեցի ամէն օր եկեղեցի երթալով:

- Էմմա Մաթոսեան, 3-րդ Բ. դասարան

Page 7: Ես հայերէն կը գրեմ...

6

Սուրբ Զատիկը Յիսուս Քրիստոսի յարութեան օրն է: Կը տօնենք եկեղեցի երթալով եւ հաղորդութիւն

առնելով: Նաեւ կը տօնենք մեր մեծ մայրերու, մեծ հայրերու տուները երթալով եւ «թաքա թոքէ» խաղալով:

Այս տարի, ես Զատկուայ օրը գացի եկեղեցի եւ հաղորդութիւն առի, եւ յետոյ իմ մեծ մօրս տունը գացի եւ

հաւկթախաղը յաղթեցի: Ես Զատիկը շատ կը սիրեմ:

- Ժանօ Փիլաւճեան, 3-րդ Բ. դասարան

Սուրբ Զատիկը կը տօնենք, որովհետեւ Յիսուս յարութիւն առաւ: Զատկուայ օրը եկեղեցի կ՛երթանք եւ

ընտանեօք կը հաւաքուինք եւ կ՛ընթրենք: Յետոյ հաւկթախաղ կը խաղանք, բայց մէկը չի յաղթեր. Մենք

միշտ այս սովորութիւնը ունինք: Մենք Սուրբ Զատիկը կը տօնենք, որ ամէն մարդ գիտնայ թէ Յիսուսը

յարութիւն առած է:

- Միրէյ Թիւֆէնքճեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես շատ կը սիրեմ Սուրբ Զատիկը: Զատիկը շատ ուրախ եւ հաճելի տօն մըն է: Շա՜տ կը սիրեմ գունաւորել

հաւկիթներ եւ մօրս հետ «թաքա թոքէ» խաղալ: Զատկուայ օրը, ընտանիքիս հետ կ՛երթանք եկեղեցի եւ

կը յիշենք Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը: Ես կը սիրեմ Զատիկը որովհետեւ ուրախ տօն մըն է:

- Ալիք Սթրէնկ, 3-րդ Ա. դասարան

Ապրիլ 24-ին Հայկական Ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ: Ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, մենք Օթթաուա

կ՛երթանք ցոյցի, եւ մեր յուշարձանին դիմաց կը կենանք եւ ծաղկեպսակ կը դնենք, յարգելու մեր բոլոր

նահատակներուն որոնք զոհուեցան մեզի համար: Ես երբեք պիտի չի մոռնամ մեր մէկ ու կէս միլիոն

նահատակները:

- Լիզա Յովակիմեան, 2-րդ Բ. դասարան

Ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին մենք կ՛երթանք Օթթաուա եւ կ՛աղօթենք մեր բոլոր նահատակներուն համար

որոնք մահացան մեզի համար: Թուրք կառավարութիւնը մէկ ու կէս միլիոն Հայեր սպանեց եւ մենք պիտի

չի մոռնանք պատմութիւնը:

- Արիս Մովսէս-Մուղատամ, 2-րդ Բ. դասարան

Ապրիլ 24, 1915-ին, շատ հայեր զոհուեցան: Ամէն տարի, երբ Ապրիլ 24 ըլլայ, մենք Օթթաուա կ՛երթանք

եւ պաստառներ կը պատրաստենք, որ Թուրք կառավարութիւնը մեզի ետ տայ Հայաստանի մեր հողերը:

- Լարա Տէմիրճեան, 2-րդ Բ. դասարան

Page 8: Ես հայերէն կը գրեմ...

7

Ես Թուրքիոյ ուրացման մեքենային մասին սորվեցայ պատանեկանի ժողովի ընթացքին:

Դաստիարակչական տուողը բացատրեց որ 2015-ին պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան 100 ամեակը, եւ

մինչեւ այդ ատեն պէտք է ուրացումը կենայ:

- Արմէն Պետրոսեան, 2-րդ Բ. դասարան

Մենք Ապրիլ 24-ին հանրակառքերով Օթթաուա կ՛երթանք որ մեր նահատակները յարգենք եւ Թուրքիոյ

կառավարութեան ըսենք որ Արարատի միւս կողմը մերն է: Մենք Ապրիլ 24-ին պաստառներ կը շինենք եւ

այնպէս Օթթաուա կ՛երթանք Թուրքիոյ ցոյց տալու որ մեր նախահայրերը մեզի համար զոհուեցան:

- Գայանէ Թորոսեան, 2-րդ Բ. դասարան

24 Ապրիլ 1915-ին սկսաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Թուրք կառավարութիւնը մէկ ու կէս միլիոն

հայեր ջարդեց: Հայերը մեզի համար նահատակուեցան ու մենք կ՛աղօթենք ու ծաղիկներ կը դնենք

ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց իրենց յիշելու համար:

- Գրիս-Արէն Գապասագալ, 2-րդ Բ. դասարան

Երբ ես մեծնամ, անասնաբոյժ եւ բժշկուհի պիտի ըլլամ, որովհետեւ կ՛ուզեմ որ աշխարհը առողջ եւ

ուրախ ապրի: Ես կը կարծեմ թէ անասնաբոյժը եւ բժշկուհին լաւ գործեր են, որովհետեւ մարդոց,

կենդանիներուն եւ աղքատներուն կ՛օգնեն: Եթէ ընտանիքս հիւանդանայ, ես իրենց պիտի բուժեմ:

- Նայիրի Հախվերդեան, 2-րդ Ա. դասարան

Երբ ես մեծնամ, շինարար պիտի ըլլամ, որովհետեւ շատ կը սիրեմ տուներ շինել աղքատներուն համար,

որ անոնք կարնան տուներու մէջ ապրիլ: Նաեւ կ՛ուզեմ ոտնագնդակի խաղցող ըլլալ, որպէսզի իմ խումբս

յաղթէ եւ մրցանակ ստանանք:

- Լեւոն Սեբան, 2-րդ Ա. դասարան

Երբ ես մեծնամ, ուսուցչուհի կամ երգչուհի պիտի ըլլամ: Ես ուսուցչուհի կ՛ուզեմ ըլլալ, որովհետեւ կ՛ուզեմ

մարդոց լաւ բաներ սորվեցնել եւ կ՛ուզեմ երգչուհի ըլլալ, որովհետեւ շատ կը սիրեմ երգել: Ես տունը շատ

երգի փորձ կ՛ընեմ:

- Մելանիա Շէօհմէլեան, 2-րդ Ա. դասարան

Page 9: Ես հայերէն կը գրեմ...

8

Երբ ես մեծնամ, կ՛ուզեմ ըլլալ պարտիզպան: Կ՛ուզեմ մարդոց հաւկիթներ տալ եւ կուտ ցանել եւ դդումներ

մեծցնել: Նաեւ կ՛ուզեմ անասուններ պահել եւ մարդոց օգնել:

- Արի Սավայա, 2-րդ Ա. դասարան

Երբ մեծնամ, ես պիտի ըլլամ վիրաբոյժ, որովհետեւ շատ կը սիրեմ մարդոց օգնել: Ով որ հիւանդ է, իրենց

արագ մը պիտի բուժեմ: Եւ երբ ասեղ զարնեմ, շա՜տ, շա՜տ, զգոյշ պիտի ըլլամ. Զօրաւոր պիտի չ՛ընեմ:

- Արամ Թիքճեան, 2-րդ Ա. դասարան

Երբ ես մեծնամ, ես շինարար կ՛ուզեմ ըլլալ, որովհետեւ կ՛ուզեմ տուներ շինել եւ լաւ գործ ունենալ: Ես

պիտի գործածեմ շատ մը գործիքներ. Օրինակ՝ պտուտահան եւ մուրճ: Առաջին բանը որ պիտի շինեմ իմ

մօրս եւ հօրս տունը պիտի ըլլայ:

- Առէն Շահինեան, 2-րդ Ա. դասարան

Երբ ես մեծնամ, կ՛ուզեմ ըլլալ մարզիկ: Ես շա՜տ արագ պիտի վազեմ, որ բոլորին յաղթեմ: Ոսկի մետալ

պիտի առնեմ եւ շատ պիտի ուրախանամ: Ես շատ մը մազական խաղեր պիտի խաղամ եւ բոլորին մէջ

պիտի ըլլամ լաւագոյնը:

- Գրիգոր Սապունճեան, 2-րդ Բ. դասարան

Երբ ես մեծնամ, կ՛ուզեմ ըլլալ մեքենագործ, որովհետեւ շատ կը սիրեմ ինքնաշարժներ շինել: Ես

ինքնաշարժ շինելը սորվեցայ իմ հայրիկէս: Ես նաեւ լաւ մարզիկ պիտի ըլլամ, ու երբ շահիմ բաժակներ,

պիտի պահեմ իր գործարանիս մէջ:

- Առէն Ղազելեան, 2-րդ Բ. դասարան

Երբ ես մեծնամ, կ՛ուզեմ հնագէտ ըլլալ, որովհետեւ հոյամողեսները ինծի համար շա՜տ հետաքրքրական

են: Ես շատ կը սիրեմ հոյամողեսներու մասին գիրքեր կարդալ եւ անոնց մասին նոր բաներ սորվիլ:

- Առէն Զէյթլեան, 2-րդ Բ. դասարան

Page 10: Ես հայերէն կը գրեմ...

9

Ես շատ կը սիրեմ իմ դպրոցս, որովհետեւ մենք Հայերէն կը սորվինք: Նաեւ կը սիրեմ որովհետեւ

զբօսանքի կ՛երթանք եւ կը խաղանք «թէկ»: Ես շատ կը սիրեմ Մարզանքի պահերը, որովհետեւ լաւ

խաղեր կը խաղանք:

- Քրիստըֆըր Տապպաղեան, 2-րդ Բ. դասարան

Ես շատ կը սիրեմ իմ դպրոցս, որովհետեւ շատ բաներ կը սորվինք այնտեղ: Ես մեր բոլոր պահերը կը

սիրեմ: Ես նաեւ կը սիրեմ երթալ եկեղեցի, ուր կ՛երգենք ու կ՛աղօթենք Աստուծոյ:

- Լարա Թորոսեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես դպրոցս կը սիրեմ որովհետեւ այստեղ Հայերէն կը սորվիմ: Ես ամրան շա՜տ կարօտցայ դպրոցը: Մեր

դպրոցը կը կոչուի Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարան ու ես շատ ուրախ եմ որ այս դպրոցը կը յաճախեմ:

- Գալին Մակարեան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ ես Հայերէն կը սորվիմ իմ ընկերներուս հետ: Ես շատ ընկերներ ունիմ

այստեղ: Հայերէնը կարեւոր է գիտնալ, որովհետեւ եթէ կ՛ուզես հայ ըլլալ, Հայերէն գիրերը պէտք է

գիտնաս:

- Սոֆիա Ճէսթէտ, 2-րդ Ա. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ Հայերէն կը սորվինք այստեղ: Պարոն Ռուբէնը մեզի Հայոց Պատմութիւն

կը սորվեցնէ, որ ես շատ կը սիրեմ: Հայկական վարժարանը կարեւոր է, որովհետեւ հայ ենք մենք եւ պէտք

է Հայերէն խօսինք:

- Թամար Օհան, 2-րդ Ա. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ այնտեղ կը տեսնեմ իմ սիրելի ուսուցիչները եւ ընկերներս, նոր դասեր կը

սորվիմ եւ գիրքեր կը կարդամ: Իմ սիրած դասապահերս են՝ Հայոց Պատմութիւն եւ Արուեստ:

- Գամիլա Գանտահարեան, 2-րդ Ա. դասարան

Page 11: Ես հայերէն կը գրեմ...

10

Ես կը սիրեմ դպրոցս, մանաւանդ զբօսանքը: Շատ կը սիրեմ Տիկին Սիլվային, որ մեզի կը սորվեցնէ

Հայերէն լեզու եւ Քերականութիւն: Նաեւ շատ կը սիրեմ մեր Երգի, Ընդհանուր Գիտելիքներու եւ

Մարզանքի դասապահերը:

- Սելինա Սարգիսեան, 2-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ այստեղ կը կրթուինք, կը զարգանանք եւ Հայերէնը լաւ կը սորվինք: Մեր

դպրոցին անունն է Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարան: Իմ սիրած դասապահն է Հայերէն, որովհետեւ իմ

լեզուս է:

- Քրիստափոր Կոստանեան, 2-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ դասեր կը սորվիմ եւ լաւ ուսուցիչ-ուսուցչուիներ ունինք այստեղ: Շատ

կը սիրեմ դպրոցի բակը երթալ եւ ընկերներուս հետ խաղալ հոն: Ես միշտ պիտի սիրեմ իմ դպրոցս:

- Անտրէ Շահինեան, 2-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ Հայկական վարժարան է: Հայերէն կը սորվինք այստեղ՝ լաւ ապագայի

համար: Դպրոցին մէջ ունիմ լաւ ընկերներ եւ ուսուցիչներ: Մենք կը սորվինք Հայերէն, Անգլերէն,

Ֆրանսերէն, Արուեստ, Երգ, Հայոց Պատմութիւն, եւ շատ մը այլ դասեր: Ես կը սիրեմ այս դպրոցը,

որովհետեւ բոլորս հայ ենք եւ Հայերէն կը խօսինք:

- Ռաֆայէլ Շահնազարեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս որովհետեւ Հայկական վարժարան է: Մենք այստեղ կը սորվինք Հայերէն, Անգլերէն,

Ֆրանսերէն, եւ այլն: Մեր դասարանները շատ գեղեցիկ զարդարուած են եւ իմ ընկերներս շատ

կարգապահ են: Մեր ուսուցիչները մեզի հետաքրքրական դասեր կը սորվեցնեն: Այս դպրոցը շատ կը

սիրեմ եւ հպարտ եմ դպրոցովս եւ հայրենիքովս:

- Սոֆի Աւագեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը, որովհետեւ մենք կը սորվինք Հայերէն, Անգլերէն եւ

Ֆրանսերէն լեզուները: Մեր դպրոցը կը սիրեմ նաեւ, որովհետեւ մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները մեզի շատ

բաներ կը սորվեցնեն որպէսզի մեր միտքերը մնան արթուն: Սիրած դասապահերս են՝ Թուաբանութիւն,

Արուեստ եւ Երգ: Հայերէնը կարեւոր է, որովհետեւ մեր լեզուն է: Ուրիշ դպրոցներու մէջ Հայերէն չեն

սորվիր. Մենք շատ բախտաւոր ենք:

- Նանար Քարկոցեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ դպրոցս, որովհետեւ շատ դասեր կը սորվինք այստեղ: Օրիորդ Կալպրիթին հետ Անգլերէն կը

սորվինք, Տիկին Սիլվային հետ՝ Հայերէն, Մատամ Նորային հետ՝ Ֆրանսերէն, եւ Պարոն Ռուբէնին հետ՝

Հայոց Պատմութիւն, Ընդհանուր Գիտելիքներ, Օրագրութիւն եւ Մարզանք: Իմ դպրոցս ուրիշ դպրոցներէ

տարբեր է, որովհետեւ Հայկական վարժարան է: Իմ սիրած դասապահն է Հայերէնը, որովհետեւ հայ եմ:

- Լիա Յարութիւնեան, 3-րդ Ա. դասարան

Page 12: Ես հայերէն կը գրեմ...

11

Ես իմ դպրոցս շատ կը սիրեմ, որովհետեւ շատ ընկերներ ունիմ: Շատ կը սիրեմ Հայերէնի եւ Հայոց

Պատմութեան դասապահերը, որովհետեւ կարաւոր է մեր լեզուի եւ պատմութեան մասին սորվիլը:

Դպրոցի լաւագոյն մասը զբօսանքն է, որովհետեւ կրնանք ընկերներով ազատօրէն խաղալ: Իրարու հետ

կը խաղանք, կը խօսինք, երբեմն ալ կը կռուինք, բայց միշտ յետոյ կը հաշտուինք:

- Վարագ Մկրտիչեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես Հայոց Պատմութիւնը շատ կը սիրեմ, որովհետեւ հայերը շատ խելացի եւ քաջ են, Արարատը շատ մեծ

ու գեղեցիկ է, եւ երբ մեր պատմութիւնը լսեմ, հպարտ կը զգամ: Թէեւ Թուրքերը գրաւեցին Հայաստանի

մէկ մասը, հայերը կը մնան քաջ եւ օր մը ետ կ՛առնենք Արարատը:

- Տարօն Քէօսէեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես Հայոց Պատմութիւնը կը սիրեմ, որովհետեւ դարեր առաջ շատ հերոսներ կային մեր պատմութեան

մէջ: Այս հերոսները կը պաշտպանէին Հայաստանի եւ բոլոր հայերը կ՛ապրէին ուրախ եւ խաղաղ: Մենք

այն հայրենիքը հիմա կը կոչենք Պատմական Հայաստան: Դարեր առաջ Պատմական Հայաստանը

այսօրուայ Հայաստանէն 10 անգամ աւելի մեծ էր:

- Արամիս Լերմա-Կարապետեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ Հայոց Պատմութիւնը, որովհետեւ մենք կը սորվինք մեր բոլոր հերոսներուն մասին. Օրինակ՝

Քաջ Վարդան եւ Հայկ Նահապետ: Բոլոր մեր հերոսները հպարտ հայեր են եւ շատ քաջ ու զօրաւոր են:

Մենք կը սորվինք Պատմական Հայաստանի մասին, որ շատ աւելի մեծ էր մեր այսօրուայ Հայաստանէն:

Պատմական Հայաստանի մէջ կը գտնուէր Արարատ լեռը, սակայն այսօր անիկա Թուրքիոյ մէջ է: Ես շատ

ուրախ եմ որ Հայոց Պատմութիւն կը սորվիմ:

- Սէլին Աբրահամեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես կը սիրեմ Հայոց Պատմութիւնը, որովհետեւ ես հայ եմ եւ հպարտ եմ իմ ժողովուրդի պատմութիւնով:

Հպարտ եմ որ Քաջ Վարդանը պաշտպանեց հայերուն եւ մեզի համար նահատակուեցաւ: Արարատ լեռը

եւ Պատմական Հայաստանը շատ գեղեցիկ են: Ես շատ կը սիրեմ Հայաստանը, մեր հերոսները եւ Հայոց

Պատմութեան մասին սորվիլ:

- Մարիա Խաչատուրեան, 3-րդ Ա. դասարան

Page 13: Ես հայերէն կը գրեմ...

12

Ես կը սիրեմ Հայոց Պատմութիւնը, որովհետեւ Քաջ Վարդան Մամիկոնեանը ազատեց հայ ժողովուրդը:

Ան մեզի համար նահատակուեցաւ ու անոր համար միշտ պիտի յիշենք իր պատմութիւնը: Մենք պէտք է

գիտնանք թէ կարեւոր է քաջ ըլլալ եւ Պատմական Հայաստանը միշտ սիրել:

- Արի Գալթակեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես կը սիրեմ Հայոց Պատմութեան դասապահս, որովհետեւ կը սիրեմ սորվիլ մեր հերոսներուն մասին: Մեր

ժողովուրդը շատ քաջ եղած է, եւ մեր հերոսները՝ շատ անվախ: Ես շատ հպարտ եմ իրենցմով, եւ կը

շարունակեմ միշտ հպարտ ըլլալ:

- Գայիանէ Կուլտինկ, 3-րդ Ա. դասարան

Սիրելի Մամա,

Շատ շնորհակալ եմ որ ինծի հոգ կը տանիս, ինծի ճաշ կ՛եփես, հագուստ կ՛առնես եւ եթէ բան մը պէտք

ունիմ, ինծի կը հասնիս: Շնորհակալ եմ որ իրարու հետ կը ճամբորդենք, դպրոց կ՛երթանք եւ կերակուր

կ՛ուտենք: Դուն ինծի շատ կը սիրես եւ կը սիրեմ երբ մեզ կը կրթես, որովհետեւ դուն կ՛ուզես որ երբ

մեծնանք, շատ կոկիկ, համեստ, բարի, խելացի եւ կրթուած ըլլանք: Շնորհակալ եմ, Մամա:

Սիրով՝

- Մեղեդի Պէքմէզեան, 3-րդ Բ. դասարան

Մայրերու օր կը նշանակէ ուրախութիւն: Մենք կը տօնենք Մայրերու օրը, որ մեր մայրերը այդ օրը քիչ մը

հանգիստ ընեն, որովհետեւ անոնք մեզի համար ամէն ինչ կ՛ընեն ու շատ կը յոգնին: Ես Մայրերու օրը

տօնեցի երթալով «Canada’s Wonderland»: Նստանք շատ մը խաղալիքներու վրայ եւ յետոյ գացինք

ճաշարան եւ համեղ ճաշեր կ՛երանք: Շատ հաճելի Մարերու օր մըն էր:

- Էլիզապէթ Գանտահարեան, 3-րդ Բ. դասարան

Մայրերու օրը տօն մըն է, երբ մենք մեր մայրերուն կը յարգենք: Մայրերու օրը կը տօնենք, որ մեր

մայրերուն ուրախացնենք: Մեր մայրերը ամէն օր մեզի հոգ կը տանին, գործի կ՛երթան եւ մեզի կը

կերակրեն: Այս տարի, Մայրերու օրուան, ես քիչ մը կարկանդակ դրի պնակի մը մէջ եւ առանց վառելու

մոմ մը դրի կարկանդակին վրայ եւ նամակ մը գրեցի մօրս:

- Քարլա Մելիք-Թերմինաս, 3-րդ Բ. դասարան

Page 14: Ես հայերէն կը գրեմ...

13

Մայրերու օրը տօն մըն է երբ մայրիկիդ «շնորհակալ եմ» կ՛ըսես եւ կ՛ուրախացնես իրեն: Շատ ձեւեր կան

ուրախացնելու մայրիկիդ: Իմ մայրիկս շատ յատուկ է: Ես իրեն շատ կը սիրեմ եւ կ՛ուզեմ որ երկար կեանք

ունենայ: Այս տարի, Մայրերու օրը մենք ընտանիոք ճաշարան գացինք եւ այնտեղ տօնեցինք: Մենք մեր

մայրիկին համար արտասանեցինք ոտանաւորներ եւ նուէր մը տուինք: Շատ լաւ Մայրերու օր մը

անցուցինք:

- Սեւան Մարգարեան, 3-րդ Բ. դասարան

Մայրերու օրը այդ օրն է երբ մենք մեր մայրերուն համար աղուոր բան մը կ՛ընենք իրենց ուրախացնելու

համար: Օրինակ՝ կրնանք նախաճաշ պատրաստել մեր մայրերուն համար: Այս տարի, Մայրերու օրը

տօնեցի իմ ընտանիքի բոլոր ադամներուս հետ: Ընտանիոք ճաշարան գացինք եւ համով ճաշեր կերանք

իրարու հետ: Ընթրիքէն յետոյ, բոլորս գացինք մեծ մօրս տունը եւ լաւ ժամանակ անցուցինք այնտեղ:

- Էմիլի Շահվերտեան, , 3-րդ Ա. դասարան

Ես ընտանիքս շատ կը սիրեմ, որովհետեւ ինծի լաւ հոգ կը տանին, եւ լաւ դրամ կը վճարեն Հայկական

վարժարան ղրկելու համար, որ իմ լեզուս չմոռնամ: Նաեւ ինծի լաւ խաղալիքներ կ՛առնէ ծնողքս:

- Մարիանա Միքայէլեան, 2-րդ Բ. դասարան

Ես ընտանիքս շատ կը սիրեմ, որովհետեւ ինծի ապահով կը պահեն, դպրոց կը բերեն, ճաշ կ՛եփեն,

հագուստներս կը լուան եւ խաղալիքներ կը գնեն: Նաեւ մեզի շատ լաւ դպրոց կը ղրկեն որ մենք Հայ եւ

ապահով մնանք:

- Աննա Անտոնեան, 2-րդ Բ. դասարան

Ես ընտանիքս շատ կը սիրեմ, որովհետեւ ընտանիքս ինծի կը պաշտպանէ, կը սիրէ եւ կ՛օգնէ: Ընտանիքի

անդամներն են մայր, հայր, քոյր, եղբայր, հօրաքոյր, մօրաքոյր, մօրեղբայր, մօրեղբայր, մեծ մայր, մեծ

հայր, զարմիկ եւ զարմուհի: Մայրս եւ հայրս ամէն օր կ՛աշխատին մեզի համար:

- Ալիս Պետրոսեան, 2-րդ Բ. դասարան

Page 15: Ես հայերէն կը գրեմ...

14

Իմ նախասիրած տեղն է ծովեզերքը, որովհետեւ այնտեղ կրնանք լողալ, աւազէ ամրոցներ շինել եւ

գեղեցիկ ծովախեցիներ գտնել: Ես շա՜տ կը սիրեմ կապոյտ եւ փայլուն ջուրը եւ ձուկերը դիտել: Ես

ծովախեցիներու հաւաքածոյ մը ունէի, բայց մայրս սխալմամբ թափեց: Երբ նորէն ծով երթամ, դարձեալ

պիտի հաւաքեմ:

- Յեսու Զէյթլեան, 2-րդ Ա. դասարան

Իմ սիրած մարզական խաղը ոտնագնդակն է, որովհետեւ շատ լաւ խաղցողներ կան, որոնց ես շատ կը

սիրեմ: Անցեալին ես չէի սիրեր ոտնագնդակը, բայց երբ տեսայ թէ բոլոր ընկերներս կը խօսէին

ոտնագնդակի մասին, ես ալ հետաքրքրուեցայ: Հիմա միշտ կը սիրեմ խաղալ եւ խօսիլ ոտնագնդակի

մասին իմ ընկերներուս հետ:

- Արտակ Առաքելեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես Քաջ Վարդան Մամիկոնեանին շատ կը սիրեմ, որովհետեւ ան ըսաւ, «Մենք կրակապաշտ պիտի

չըլլանք: Մենք պիտի կռուինք»: Ես հայ եմ եւ հպարտ, որովհետեւ մենք Հայերէն կը խօսինք եւ Հայկական

դպրոց կը յաճախենք: Քաջ Վարդան նահատակուեցաւ որպէսզի մենք կարենանք հայ մնալ եւ պէտք է

միշտ Հայերէն խօսինք որ մնանք հայ:

- Դաւիթ Պոյաճեան, 3-րդ Բ. դասարան

Յիշատակութեան օրը, կը յիշենք մեր բոլոր Գանատացի զինուորները որոնք նահատակուեցան այս

երկրին համար: Նաեւ կը յիշենք մեր բոլոր հայ նահատակներուն որոնք զոհուեցան մեզի համար: Կը

յիշենք նահատակներուն մեր կուրծքերուն վրայ դնելով կարմիր, խաշխաշ ծաղիկներ: Թէեւ այս տօնը

կրնայ տխուր ըլլալ, բայց մենք պէտք է միշտ յիշենք մեր նախահայրերը ու նահատակները եւ երբեք

անոնց չմոռնանք:

- Ռաֆֆի Կիւլէսէրեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես շատ կը սիրեմ իմ ընտանիքս եւ իմ ընկերներս: Կը սիրեմ իմ եղբայրս եւ փոքր քոյրս: Կը սիրեմ մեծ մեծ

հայրս եւ մեծ մեծ մայրս: Կը սիրեմ մօրաքոյրս, քեռիներս, եւ մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս: Ես շա՜տ կը

սիրեմ ամէնուն: Բայց ամէնէն շատ կը սիրեմ Աստուած Պապային:

- Ներսէս Շիշոյեան, 3-րդ Բ. դասարան

Page 16: Ես հայերէն կը գրեմ...

15

Անցեալ գիշեր երազ մը տեսայ. Անհաւատալի է, բայց հաճելի...Ես Հայաստանի ոտնագնդակի խումբին

մէջն էի: Երազիս մէջ ես Հայաստան էի՝ «Մանչեսդըր Իւնայթըտ»-ի խաղի, երբ բարձրաձայն ինծի

կանչեցին, մասնակցելու խաղին: Ես զարմացայ, թէ ինչո՞ւ 8 տարեկան տղուն կ՛ուզէին: Բայց իջայ,

ուրախացայ եւ խաղցայ: Խաղը շատ տաք էր: Մխիթարեանը, Մովսիսեանը, Յովսէփեանն ու ես իրարու

հետ 100 կէտ արձանագրեցինք: Խաղէն ետք Հայաստանի մարզիչը հարցուց եթէ կ՛ուզէի Հայաստանի

խումբին մէջ խաղալ: Այո ըսի:

- Հայկ Մարդոյեան, 3-րդ Բ. դասարան

Մայրերու օրը այն յատուկ օրն է երբ մայրիկիդ պէտք է շատ յարգես եւ ուրախացնես: Մեր մայրերը մեզի

համար շատ կը յոգնին եւ շատ կը սիրեն: Մայրերու օրը կը տօնենք մեր մայրերը ուրախ պահելու համար:

Այս տարի, Մայրերու օրը անցուցի իմ մօրս հետ: Գացինք շուկայ, եւ երբ վերադարձանք տուն, երկար

խօսեցանք եւ մեր սիրած ճաշը կ՛երանք: Ես մօրս շատ կը սիրեմ:

- Անդրանիկ Մութաֆեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ուրբաթ օրը, ժամը 6-ին, ես պիտի երթամ ձմեռնային բանակումի: Հոն կարկանդակներ պիտի

պատրաստենք, զարդարենք ու յետոյ ուտենք: Սահնակի վրայ պիտի նստիմ ու սահիմ ձիւնին վրայէն,

ձիւնով պիտի խաղանք ընկերուհիներով, եւ պիտի քնանանք փոքր տնակի մը մէջ: Շատ խանդավառ եմ

ու անհամբեր կը սպասեմ ձմեռնային բանակումի համար: Մենք շա՜տ լաւ ժամանակ պիտի անցընենք

այնտեղ:

- Գառնի Չարշաֆեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես կը սիրեմ ոտնագնդակը, որովհետեւ լաւ մարզական խաղ է: Իմ նախասիրած ոտնագնդակի ակումբն է

Պարսալոնան, իսկ պետական խումբը՝ Սպանիան: Բայց եթէ օր մը Հայաստանի խումբը խաղայ Սպանիոյ

խումբի դէմ, ես Հայաստանի հետն եմ: Իսկ երբ Թուրքիան ուրիշ որեւէ խումբի դէմ խաղայ , ես իրենց

հակառորդ խումբին հետն եմ:

- Գրիգոր Նգրուրեան, 3-րդ Բ. դասարան

Ես շատ կը սիրեմ «Լէկօ»-ներով խաղալ: Ամէն տեսակի «Լէկօ» ունիմ, որովհետեւ կը կարծեմ թէ լաւ

զբաղում մըն է «Լէկօ»-ներով խաղալը: Երբ բարի ու կարգապահ ըլլամ, ծնողքս ինծի «Լէկօ» կը քնէ: Իսկ

երբ «Լէկօ»-ներով բաներ շինեմ, հայրս կ՛օգնէ ինծի: Երբ «Լէկօ»-ներով խաղամ, միշտ մեծ ժպիտով կը

խաղամ:

- Էտմոնտ Թորիկեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես շատ ուրախացայ երբ սկաուտութեան հաւաքոյթի ընթացքին, փոխ-վեցեակապետ եղայ եւ Ռաֆֆին՝

վեցեակապետ: Ռաֆֆին եւ ես պէտք է շարքը կարգի դնենք հաւաքոյթէն առաջ եւ վերջը: Ես

սկաուտութիւնը շատ կը սիրեմ: Դասախօսութիւններ կը ստանանք, նոր բաներ կը սորվինք, խաղեր կը

խաղանք եւ ընկերներու հետ լաւ ժամանակ կ՛անցընենք:

- Մարթին Հարունեան, 3-րդ Ա. դասարան

Գարնանային արձակուրդին ընթացքին, ես Նիակարա Ջրվէժը գացի ընտանիքիս եւ քեռիիս հետ: Այնտեղ

մէկ գիշեր քնացանք: Հիւրանոցին մէջ աւազան մը կար ու ես հոն շատ լողացի: Այնտեղ շատ լաւ

Page 17: Ես հայերէն կը գրեմ...

16

ժամանակ անցուցինք բոլորս: Շատ սիրեցի իմ արձակուրդս, ու երբ տուն վերադարձանք, շատ յոգնած

էինք:

- Արամ Սապոնճեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես իմ ընկերներուս շատ կը սիրեմ: Կը սիրեմ իրենց հետ խաղալ, եւ գիտեմ թէ իրենք ալ հետս կը սիրեն

խաղալ: Երրորդ դասարանին մէջ ունիմ շատ մը ընկեր-ընկերուհիներ: Անոնք լաւ ընկերներ են, որովհետեւ

ինծի կ՛օգնեն երբ օգնութիւն պէտք ունիմ եւ մենք իրարու կը յարգենք: Ես շատ ուրախ եմ երբ ընկերներով

եմ:

- Կապրիէլլա Սապպաղ, , 3-րդ Ա. դասարան

Մոշի Մանսթըրզը համակարգիչի խաղ մըն է, որուն մէջ հրէշներ կրնաս որդեգրել: Այս հրէշները ուզած

ձեւով կրնաս գունաւորել եւ զարդարել: Նաեւ խաղին մէջ կրնաս փոքր կենդանիներ ունենալ, որոնք կը

կոչուին մոշլինկներ: Ես այս խաղը շատ կը սիրեմ որովհետեւ շատ հետաքրքրական եւ հաճելի է եւ շատ

լաւ բաներ կը սորվեցնէ:

- Առէն Թիքճեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես ձիեր շա՜տ կը սիրեմ: Երբ մեծնամ, կ՛ուզեմ ձիաւոր ըլլալ: Իմ ամենասիրած ձիս «Quarter»-ն է: Ձիերը

շատ մը տարբեր գոյներ կրնան ունենալ: Օրինակ, Արաբական (Arabian) ձիերը հինգ տարեկանէն առաջ

մոխրագոյն կ՛ըլլան, իսկ երբ հինգ տարեկան ըլլան, ճերմակ կը դառնան: Ձիերը կը սիրեն ուտել ստեպղին,

խնձոր եւ քիչ մը ցորեն: Ես շա՜տ կը սիրեմ ձիեր:

- Անուշ Թոմարճի, 2-րդ Ա. դասարան

Գարնանային արձակուրդին «Royal Ontario Museum» թանգարանը այցելեցի: Այնտեղ շատ աղուոր ու

հետաքրքրական բաներ տեսանք ու ըրինք: Մենք աւազին մէջ ոսկորներ փնտռեցինք, յատուկ

խոշորացոյցով պզտիկ ձուկեր փնտռեցինք ջուրին մէջ, ու շատ մը այլ հետաքրքրական բաներ ըրինք: Ես

թանգարանը շատ սիրեցի ու շուտով կ՛ուզեմ նորէն այցելել:

- Ալիք Մակարեան, 3-րդ Ա. դասարան

Page 18: Ես հայերէն կը գրեմ...

17

Ես Հայաստանը չեմ տեսած, բայց շա՜տ կ՛ուզեմ տեսնել: Արարատ ու Արագած լեռները կ՛ուզեմ տեսնել,

Սեւանայ լիճը կ՛ուզեմ տեսնել: Շատ կ՛ուզեմ տեսնել Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի ծառը եւ նկարուիլ այդ

նշանաւոր ծառին քովը: Ես օր մը պիտի այցելեմ Հայաստան եւ այս բոլոր բաները աչքերովս տեսնեմ:

- Գարին Տաղլեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես շատ կը փափաքիմ տեսնել Հայաստանը: Կ՛ուզեմ տեսնել Խոր վիրապը , Սասունցի Դաւիթի մեծ

արձանը, Սեւանայ լիճը, Արարատ ու Արագած լեռները եւ շատ մը ուրիշ հետաքրքրական բաներ: Շատ

պիտի ուզէի որ Մայիս 28-ին Հայաստան երթալ: Մային 28-ը կարեւոր է, որովհետեւ այդ Հայաստանի

անկախութեան օրն է:

- Տարօն Ալթունեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես կը փափաքիմ օր մը Հայաստան երթալ եւ տեսնել Սեւանայ լիճը եւ Արարատի մեծ ու փոքր

Մասիսները: Ես ուրախ եմ որ Ցեղասպանութենէն յետոյ Հայաստան անկախացաւ, որովհետեւ հիմա

ունինք ազատ երկիր: Ես կ՛ուզեմ որ Հայաստանը միշտ մնայ ազատ ու անկախ, որ երբ 10-րդ դասարանի

աշակերտ ըլլամ, դպրոցի ընկերներովս այցելեմ Հայաստան:

- Սառա Պայրագտարեան, 3-րդ Ա. դասարան

Ես շատ կը սիրեմ Հայաստանը, որովհետեւ մեր հայրենիքն է: Հայաստանի մէջ կայ Արագած լեռը: Օր մը

պիտի երթամ եւ տեսնեմ Արագածը եւ Արարատ լեռները: Նաեւ կը սիրեմ Քաջ Վարդանին, որովհետեւ ան

կռուեցաւ մեզի համար Պարսիկներուն դէմ:

- Արեգ Մինատեան, 3-րդ Բ. դասարան

Page 19: Ես հայերէն կը գրեմ...

18

Page 20: Ես հայերէն կը գրեմ...